Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Անվտանգութեան Ոլորտը Առաջնահերթութիւն Է. Փաշինեան ԱԱԽ Ղեկավար Կազմին Ներկայացուցած Է Նորանշանակ Քարտուղարը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար կազմին ներկայացուցած է ԱԽ նորանշանակ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Կառավարութեան ղեկավարին խօսքով՝ Անվտանգութեան խորհուրդը մարմին մըն է, ուր կ’որոշուին պաշտպանական ոլորտի քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները: «Այս նախադասութեան ձեւակերպումը բնորոշում, սահմանում, պարզ է դարձնում այն կարեւորութիւնը, որն ունի Անվտանգութեան խորհուրդը, որի աշխատակազմը պէտք է լինի այն ուղեղային կեդրոնը, որն ազդակներ է տալիս պաշտպանական ոլորտի քաղաքականութեան ուղղութիւնների մասին»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այս մարմինը մէկդի կանգնած է կառավարման ամէնօրեայ խնդիրներէն, աշխատանքային պայմաններու մէջ տեղեկութիւն կը կուտակէ սպառնալիքներուն մասին եւ համապատասխան լուծումներ կ’առաջարկէ այդ ուղղութեամբ: Կառավարութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ Արմէն Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդը իր գործառոյթը լիարժէք եւ արդիւնաւէտ կ’իրականացնէ՝ ժամանակակից պահանջներուն եւ մարտահրաւէրներուն համարժէք, կ’առաջարկէ լուծումներ մեր երկրի առջեւ ծառացած անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ:

Արմէն Գրիգորեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին վստահութեան համար: «Համոզուած եմ, որ անվտանգութեան քաղաքականութեան մշակման գործընթացը պիտի դրուի նոր մակարդակի վրայ: Հայաստանը ունի մարտահրաւէրներ, զորս կը պահանջեն քաղաքական մտքի լուծումներ: Համոզուած եմ, որ կազմը կը կարողանայ իր առջեւ դրուած խնդիրները իրականացնել, բարձրացնել Հայաստանի անվտանգութեան մակարդակը՝ առաջարկելով լուծումներ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն համար»,- նշած է Անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղարը:

Վարչապետ Փաշինեան յանձնարարած է նախապատրաստել անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ քննարկելու պաշտպանական ոլորտի քաղաքականութիւնը՝ ի կատար ածելու օրակարգային տարբեր որոշումներ: «Անվտանգութեան ոլորտը, զինուած ուժերի բնականոն զարգացումը մեզ համար առաջնահերթութիւն է եւ մենք պէտք է անենք ամէն ինչ ԶՈւ-երի բնականոն զարգացումն ապահովելու, առկայ մարտահրաւէրները ճշգրիտ գնահատելու եւ դրանց հակազդող էֆեքթիւ միջոցներ ունենալու համար: ՀՀ քաղաքացիները պէտք է վստահ լինեն, որ կառավարութիւնն ունի գործիքներ՝ երկրի անվտանգութիւնը լիարժէք ապահովելու համար: Մենք այս պահին ունենք ոլորտի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւնը մշակելու համար բոլոր անհրաժեշտ միջոցները»,- ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետի խօսքով՝ պէտք չէ ընկրկիլ նաեւ թերութիւններու մասին խօսելէ, որովհետեւ զանոնք թաքցնելու պարագային խնդիրները միայն կը խորանան: «Կարեւոր է ախտորոշել գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ հասնել արագ ու արդիւնաւէտ լուծումների: Այս գործում Անվտանգութեան խորհրդի դերը չափազանց մեծ է: Մաղթում եմ յաջողութիւններ՝ գործառոյթների յաջող իրականացման նպատակով»,- ըսած է վարչապետը:   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին