Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Պիտի Նշուի Սուրբ Հռիփսիմէ Վանքի Հիմնադրութեան 1400-Ամեայ Յոբելեանը

2018 թուականին կը լրանայ Վաղարշապատի Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրման 1400-ամեայ յոբելեանը:

Օրհնութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ստեղծուած է յոբելեանական ձեռնարկներու կազմակերպման յատուկ յանձնախումբ` նախագահութեամբ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի:

Ձեռնարկներուն մեկնարկը պիտի տրուի Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան օրը, որ այս տարի պիտի տօնախմբուի Մայիս 28-ին:

Տօնին` ժամը 10:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն եկեղեցականներու եւ ուխտաւորներու հանդիսաւոր թափօրով Ս. Հռիփսիմէ վանք պիտի տարուին Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող սուրբ Հռիփսիմէ կոյսի մասունքները:

Նոյն օրը` ժամը 11:00-ին, վանքին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, ապա պիտի կատարուի նաեւ Անդաստանի արարողութիւն: Սրբազան մասունքով պիտի օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը եւ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին