Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Մեսրոպեան. Երկու Առաջնութիւն` “Ճիշդ Հնչենք” Մրցումին

12 Մայիս 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ 8 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան:

Այս տարի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 17 հայկական վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 45 աշակերտներ:

Մրցումին Մեսրոպեանը արձանագրեց պատուաբեր արդիւքներ:
7-րդ եւ 8-րդ դասարաններուն մէջ յաջորդաբար առաջին հանդիսացան Կալի Սահակեան եւ Քրիսթին Տէր Յարութիւնեան: Իւրաքանչիւր առաջին հանդիսացող ստացաւ 300 հազար լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 200 հազար լիբ. ոսկի:

Մեր աշակերտները երկուքուկէս ամիսներու ընթացքին հայկական վարժարաններու աշակերտներուն հետ միասին մրցեցան եւ մասնակցութեան ընդմէջէն սորվեցան նոր բառեր, նոր գիտելիքներ:

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին