«Դէպի Արարատ» կազմակերպութեան Մոսկուայի մամլոյ սրահին մէջ Մայիս 12-ին տեղի ունեցաւ «HAYQ Armenian Application»՝ առաջին հայկական եռալեզու ուղեցոյց յաւելուածի շնորհահանդէսը:
Շնորհանդէսին ընթացքին կնքուեցաւ եռակողմ համագործակցութեան համաձայնագիր «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն», «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութիւններու եւ «HAYQ-Armenian Application»-ի հետ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ներսէս Ներսիսեան, «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութեան լիազօր ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեան եւ «HAYQ-Armenian Application»-ի հիմնադիր Կարէն Մանուկեան:
Նշենք, որ «ՀԱՅՔ»-ը առաջին հայկական ուղեցոյց-յաւելուածն է, որ կը ներառէ Հայաստանի վերաբերող ծառայութիւններու եւ տեղակատուութեան լայն հիմք: Անիկա նպատակ ունի աշխարհի զանազան վայրեր գտնուող հայերուն եւ օտար զբօսաշրջիկներուն ներկայացնել Հայաստանը՝ իր պատմութեամբ, աւանդութիւններով եւ երանգներով: