Ճատրակի համալիբանանեան մրցումներուն միշտ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները անցած շաբաթավերջին կատարեցին աննախընթաց իրագործում մը` շահելով այս տարեշրջանի Լիբանանի դպրոցական ախոյեանութեան խմբային առաջնութիւնը:
Մեսրոպեանը հանդիսացաւ Լիբանանի դպրոցական ճատրակի ախոյեան՝ իր ետին ձգելով լիբանանեան 56 դպրոցներ: Մեր վարժարանի հաւաքականը կը բաղկանար 8 աշակերտներէ` Ճիօ եւ Կի Գալուստ, Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեան, Կարօ Գալֆայեան, Արեգ Ճենանեան, Շարպել Ստեփան եւ Մարք Կիւլկիւլեան: Տարիքային համապատասխան խումբերու մէջ` Ճիօ եւ Նանnր հանդիսացան առաջին, Կարօ` երկրորդ եւ Կի` երրորդ: Մրցումին մասնակցեցան 257 աշակերտներ` լիբանանեան տարբեր շրջաններու դպրոցներէն:
Սոյն իրագործումին մէջ իրենց ներդրումը ունին ճատրակի վաստակաւոր մարզիչ Պարոն Էլի Ուլիշեան, մեր աշակերտներու ծնողները` իրենց զաւակներուն զօրակցելով եւ Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնն եւ ուսուցչական կազմը` ցոյց տրուած հետեւողական քաջալերանքով:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի