Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Լոնտոնի Մէջ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100–Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Լոնտոնի մէջ Մայիս 12–ին տեղի ունեցած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած երեկոյ, որ կազմակերպուած էր «Մայիս 28-ի յանձնախումբ»-ին կողմէ: Երեկոյին մասնակցած են հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ կապի վարչութիւնը:

Տօնական երեկոյթին մասնակցած է նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը: Ներկաներուն խօսք ուղղած է Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արմէն Լիլոյեան: Ան մասնաւորապէս անդրադարձած է Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման պատմական նշանակութեան։ Ընդգծած է, որ Ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդը իր միասնականութեամբ եւ համախմբուածութեամբ կրցաւ մայիսեան հերոսամարտերէն ետք հիմնադրել պետութիւն, որ, հակառակ  իր կարճ գոյութեան, անջնջելի հետք ձգեց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Երեկոյի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Լիբանանէն հրաւիրուած Հրաչ Կայծակեանն ու իր նուագախումբը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին