Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

«Թանգարաններու Գիշեր» Ձեռնարկին Միացած Են Հայաստանի Եւ Արցախի 116 Թանագարաններ

Այս տարի Հայաստանի մէջ Թանգարաններու գիշերը արդէն 15-րդ անգամ եւ 6-րդ անգամ Արցախի մէջ  կը նշուի Մայիս 19-ին: Ձեռնարկը կ’իրականացուի Մայիս 18-ին նշուող Թանգարաններու միջազգային օրուան ամենամօտ շաբաթ օրը` Եւրոխորհուրդի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ ԻԿՕՄ-ի հովանաւորութեամբ:

Թանգարաններու միջազգային օրը կը նշուի 1977 թուականէն` իւրաքանչիւր տարի Մայիս 18-ին համախմբելով աւելի քան 30 հազար թանգարաններ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութենէն, այս տարի ձեռնարկին միացած են Հայաստանի եւ Արցախի 116 թանագարաններ:

2018 թուականին ԻԿՕՄ-ի կողմէ ընտրուած Թանգարաններու միջազգային օրուան խորագիրն է «Գերհաղորդակցուող թանգարաններ. նոր մօտեցումներ, նոր հանրոյթներ»: Միաժամանակ, երկօրեայ ձեռնարկներու ծրագիրին մէջ անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին:

Ձեռնարկներու ձեւաչափին համապատասխան` Մայիս 18-ին` ժամը 10:00-էն 18:00, իսկ Մայիս 19-ին` 18:00-էն 00:00, Հայաստանի եւ Արցախի 116 թանգարաններու դռները անվճար բաց կ’ըլլան հասարակութեան համար: Մայիս 19-ին Երեւանի Մեթրոպոլիթենը կ’աշխատի մինչեւ 01:00:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին