ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Սուրէն Պապիկեանը:
Վարչապետը նշած է, որ չափազանց կարեւոր կը համարէ տարածքային համաչափ զարգացման խնդիրը, եւ անոր իրագործման համար նոր իրավիճակի մէջ նոր հնարաւորութիւններ կը տեսնէ: «Յոյս ունիմ, որ նոր ներդրումներ պիտի գան Հայաստան ու յատկապէս Սփիւռքէն: Ատիկա պիտի նպաստէ նաեւ տարածքային զարգացման: Յոյս ունիմ, որ քաղաքական նոր իրավիճակի մէջ փիլիսոփայութիւնը պիտի փոխուի, մարդիկ աւելի շատ պիտի մտածեն մարզերու մէջ աշխատատեղեր ստեղծելու ուղղութեամբ»,- ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է Փաշինեանը:
Ան նկատած է, որ երկրին մէջ չմշակուող հողերու հսկայական ծաւալ կայ, որոնց մեծ մասը անջրդի են: Պէտք է կարենալ ոռոգման ջուրը դարձնել այնքան հասանելի, որքան ելեկտրականութիւնը: «Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան վրայ պէտք է աշխատինք: Խոշորացման հետ կապուած. մենք պէտք է կարենանք ապրեցնել գիւղերը, ո՛չ միայն կանգնեցնել գիւղերուն դանդաղ հանգչելու գործընթացը, այլ պէտք է այդ անիւը ետ պտտցնել: Խնդիր ձեւակերպենք մեր գիւղերուն համար, գիւղը պէտք է ապացուցէ, որ խոշորացման կարիք չունի, գիւղին մէջ տնտեսական իրական կեանք կայ: Ասոնք իրական խնդիրներ են, որոնց ուղղութեամբ մենք պէտք է աշխատինք»,- ըսած է վարչապետը:
Նորանշանակ նախարար Պապիկեան, իր հերթին, նշած է, որ հանդիպումներ ունեցած է ոլորտային պատասխանատուներու հետ: «Պատրաստակամ ենք ձեր բարձրացուցած հարցերուն ուղղութեամբ աշխատելու»,- ըսած է ան:
Պապիկեան շեշտած է, որ պէտք է նպաստել ներքին ժողովրդավարութեան կայացման, իսկ Նիկոլ Փաշինեան նկատած է, որ հանրութիւնը պէտք է մասնակից ըլլայ կառավարման գործընթացներուն, իսկ բարեփոխումները պէտք է աջակցութիւն ստանան հանրութեան կողմէ, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլան: