Արցախի Հանրապետութեան մէջ գարնանացան մշակաբոյսերու 11 հազար 560 հեքթար ցանք կատարուած է, որ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատած, պակաս է աւելի քան 1000 հա-ով, սակայն գարնանացան աշխատանքները դեռ կը շարունակուին: Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»-ի, ըսած է ԱՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վիլեն Աւետիսեան` մանրամասնելով, որ հասկաւոր հացահատիկները (ցորեն, գարի, հաճար, վարսակ) կը կազմեն աւելի քան 2200 հա, եգիպտացորենը` 2117 հա, հնդկացորենը` 581 հա, արեւածաղիկը` 2402 հա, հլածուկը` 208 հա, սոյեան` 53 հա, կտաւատը` 1816 հա:
Փոխնախարարին խօսքով` ընդեղէն մշակաբոյսերէն սիսեռը կը կազմէ 96 հա, ոլոռնը` 65 հա, ոսպը` 50 հա, լուբիան` 85 հա:
«Արդէն ցանուած են շուրջ 800 հա բանջարեղէն, որուն աւելի քան 180 հա-ը սոխ, 546 հա-ը` գետնախնձոր: Ցանուած են նաեւ բազմամեայ խոտաբոյսեր` առուոյտ եւ կորնգան։
ԱՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարարին խօսքով` վերջին քանի մը օրուան ընթացքին եղանակային ոչ բարենպաստ պայմաններու հետեւանքով կարկուտ տեղացած է Ասկերանի, Հադրութի եւ Մարտունի շրջաններուն մէջ: