Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է «Նաիրիթ» Գործարանի Նախկին Աշխատակիցներուն Հետ

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 15-ին հանդիպում ունեցած է «Նաիրիթ» գործարանի նախկին տնօրէն Կարէն Իսրայէլեանի, նաիրիթցիներու համակարգող խումբի անդամներու եւ աշխատակիցներու փաստաբան Տիգրան Սարգսեանի հետ: Հանդիպումին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր Մայիս 7-ին, երբ երկրի նախագահը հանդիպած էր իր նստավայրի դիմաց բողոքի ցոյցերուն մասնակցող «Նաիրիթ» գործարանի նախկին աշխատակիցներուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:

Նախագահի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին նաիրիթցիներու փաստաբանը ներկայացուցած է գործարանի նախկին աշխատակիցներու դժգոհութիւնը դատական համակարգի աշխատանքէն՝ կողմնակալ համարելով «Նաիրիթ»-ի գործին առնչուող դատաւորներու վերաբերմունքը: Տիգրան Սարգսեանի կարծիքով՝ նաիրիթցիներու իրաւունքները կ’ոտնահարուին, դատաւորները միտումնաւոր կը ձգձգեն անոնց հայցերու քննութիւնը:

Նաիրիթցիներու ներկայացուցիչները բարձրացուցած են նաեւ գործարանի վերագործարկման հարցը, անոր վերաբերեալ ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները: Նշած են, որ գործարանի խնդիրները տարիներ շարունակ լուծում չեն ստացած, իսկ նախկին կառավարութիւններուն կողմէ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը, իրենց գնահատումով, արդիւնաւէտ չեն եղած:

Արձագանգելով հանդիպումի մասնակիցներուն բարձրացուցած հարցերուն՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ երկրէն ներս ձեւաւորուած նոր միջավայրին մէջ դատաիրաւական համակարգը եւս քայլ առ քայլ պէտք է փոփոխութիւններէ անցնի, իսկ ոչ անաչառ դատաւորները համակարգին մէջ պէտք չէ տեղ ունենան: Ան տեղեկացուցած է, որ սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած իրաւասութիւններու ծիրին մէջ այդ հարցերը քննարկած է նաեւ համակարգի ղեկավարութեան հետ:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւորած է այս խնդիրներու քննարկումը կառավարութեան հետ: Արմէն Սարգսեան առաջնային խնդիր դիտարկած է գործարանի առկայ վիճակի եւ վերագործարկման հնարաւորութիւններու մասնագիտական վերագնահատումը, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ ներդրողներու հետաքրքրութիւնը: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին