Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Միջազգային Միջեկեղեցական Երիտասարդական Հաւաքի Յանձնախումբը Կը Հանդիպի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատասխանատուներուն Եւ Խորհուրդի Գործակիցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2018-ին Տհուր Շուէյրի Աւետարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային միջեկեղեցական երիտասարդական հաւաքի յանձնախումբի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի պատասխանատուներուն ու խորհուրդի գործակիցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը, որուն նպատակն էր յառաջիկային տեղի ունենալիք Միջազգային միջեկեղեցական երիտասարդական հաւաքի ծրագիրին մանրամասնութիւնները փոխանցել ներկաներուն եւ լուսաբանել անոնց հարցումները։

Հանդիպումը օտար հիւրերուն առիթ ընծայեց նաեւ ծանօթանալու Լիբանանի եկեղեցիներուն. այս առիթով միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան ներկայացուց Հայ եկեղեցին, ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր դարաւոր անցեալով եւ ներկայ իրավիճակով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին