Հինգշաբթի, 10 Մայիսին ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Զ., Է. եւ Ը. կարգերու աշակերտները մայրերու տօնին առիթով այցելեցին ազգային ծերանոցը եւ ուզեցին այդ տօնին ուրախութիւնը փոխանցել հոն պատսպարուած ծերերուն:
Այնուհետեւ աշակերտները դիմաւորուեցան ծերանոցի պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին եւ բացատրութիւններ տուին ծերանոցին մասին:
Աշակերտները պատրաստած էին հիւրասիրութիւն մը, անոնք շրջեցան ծերունիներուն սենեակները, զրուցեցին անոնց հետ, երգեր երգեցին եւ շնորհաւորեցին անոնց տօնը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն:
Աշակերտները իրենց բարի ժպիտով եւ երգերով կրցան երջանկացնել հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն սրտերը, որոնք թաց աչքերով, բարի մաղթանքներով եւ աղօթքներով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը:
Աշակերտները այցելեցին նաեւ կողքի շէնը՝ ՔԱՀԼ, ուր կային իրենց տեսողութիւնը կորսնցուցած քանի մը տղամարդ ծերունիներ:
Այցելութեան աւարտին աշակերտները զգացուած ու գոհունակ սրտով վերադարձան դպրոց, անոնք իրազեկ եղան երէցները յարգելու եւ անոնց արժէքը ըմբռնելու անհրաժեշտութեան: