Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

«Հայ-Վրացական Մշակոյթը Ջաւախքի Մէջ» Խորագիրով Ձեռնարկ Մեծ Խանչալի Գիւղին Մէջ

Մայիս 10-ին Նինոծմինդայի շրջանի Մեծ Խանչալի գիւղի հանրային դպրոցին մէջ կազմակերպուած էր «Հայ-վրացական մշակոյթը Ջաւախքի մէջ» խորագիրով ձեռնարկ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Սերինէ Եայլախանեան («Akhaltskha.net»):

Ձեռնարկին ընթացքին հնչեցին վրացի եւ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններ, աշակերտները հանդէս եկան պարերով եւ երգերով: Ներկայացուցին նաեւ հայկական լաւաշը եւ վրացական գինին:

Դարերով ապրելով հարեւանութեամբ հայերն ու վրացիները ունեցած են սերտ համագործակցութիւն: Հայ-վրացական յարաբերութիւնները, ինչպէս միշտ, սերտ եղած են տարբեր ոլորտներու մէջ` ռազմական, քաղաքական, գաղափարախօսական, մշակութային եւ այլն:

Վերոնշեալ սերտ կապի վառ արտացոլումն էր այս ձեռնարկը, որ կազմակերպած էր Մեծ Խանչալի գիւղի հանրային դպրոցի ուսուցչուհի Մետաքսեայ Առաքելեանը՝ 6-րդ դասարանցիներուն մասնակցութեամբ:

Ձեռնարկը կազմակերպելու հիմնական նպատակն էր ապագայ սերունդը եւս տեղեակ պահել երկու բարեկամ ազգերու միասին անցած ուղիին մասին եւ անոնց գիտակից դարձնել, որ Ջաւախքը, ըլլալով այս երկու ժողովուրդներու խաչմերուկին վրայ, պէտք է պատուով կատարէ իր գործը` պահպանելով դարերէն եկող բարեկամութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին