Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ամերիկահայ Բժշկական Միութիւնը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 33-Ամեակը

Ամերիկահայ բժշկական միութեան հիմնադրութեան 33-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 27-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Լոզ Հոլիուտ» պանդոկին մէջ հարիւրաւոր համակիրներու եւ անդամներու մասնակցութեամբ։

Աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր հայութեան առողջապահական կարիքներուն հասնող սոյն կազմակերպութիւնը այս տարուան իր ձեռնարկին ուշադրութեան կորիզը դարձուցած էր հայ զինուորը, իսկ տօնակատարութեան իբրեւ խորագիր ընտրուած էր «Հայ զինուորին յաւերժ փառք»-ը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի մէջ վիրաւորուած զինուորներու կարիքներուն հասնող՝ Երեւանի «Հերացի» հիւանդանոցին մէջ բացուած վերականգնողական կեդրոնին:

Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էին Ամերիկահայ բժշկական միութեան նախկին նախագահ Վիգէն Սեփիլեան եւ դերասանուհի Հելէն Քալոկնոմոս, իսկ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգերը երգեց Աննա Պոյրազեան։

Բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ իր սրտի խօսքը փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ միութեան անդամներուն եւ ընդհանրապէս առողջապահական ծառայութիւն մատուցող նուիրեալներուն մասին, «որոնք կեանքի նպատակ դարձուցած են իրենց նմաններուն ծառայութիւնը եւ անոնց բարելաւումը, անոնք իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն իրենց նմաններուն կեանքի բարելաւման համար, օրաւուր յանձն կ’առնեն մարդոց առողջութիւնը հոգալու քաղցր լուծը»: Ան նաեւ շնորհաւորեց երեկոյի պարգեւատրեալները ու բարձր գնահատեց անոնց բազմամեայ ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ գնահատեց հովանաւորներն ու հիւրերը, որոնք բարոյապէս ու նիւթապէս մասնակից են միութեան ծրագիրներու իրականացման:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։

«Ձեռնարկը իսկական արտացոլացումը հանդիսացաւ մեր առաքելութեան եւ նպատակին։ Ի մի հաւաքուեցանք ոչ միայն սատարելու Արցախի մեր զինուորներուն, այլեւ մեծարելու մեր համայնքի առողջապահական մարզի ղեկավարները»,- յայտնեց Ամերիկահայ բժշկական միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արմոնտ Քոթիքեան։

Կազմակերպութիւնը իր «Նախագահի Ղեկավարման Մրցանակ»-ը շնորհեց բժիշկներ Սիմոն Քէօշկէրեանին եւ Ռաֆֆի Մինասեանին:

Տոքթ. Սիմոն Քէօշկէրեան յայտնի վիրաբոյժ է, որ իր արհեստավարժ գործունէութեան կողքին կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցէ աշխարհի տարածքին կարիքաւոր հիւանդներու, ներառեալ՝ Հայաստանի: Ան նաեւ դասախօս է «Լոմա Լինտա» բժշկական համալսարանին մէջ:

Տոքթ. Ռաֆֆի Մինասեան երիկամներու հեղինակաւոր մասնագէտ է եւ հիմնադիրը Լոս Անճելըս գաւառի Երիկամունքի հիւանդութեանց բժշկական խմբակին, որ իր տեսակին մէջ մեծագոյնն է գաւառին մէջ: Ան երիկամներու յատուկ շարք մը դարմանատուներու վարիչի պաշտօններ ստանձնած է եւ 20 տարիներէ ի վեր անդամ է Գալիֆորնիոյ երիկամներու բուժման խորհուրդին:

Բացի այդ, «Ազդու Զօրակցութեան Մրցանակ»-ը յանձնուեցաւ Ամերիկահայ բժշկական միութեան նեցուկ կանգնած նախկին տիկնանց օժանդակ մարմինին, որ կ’ընդգրկէր միութեան անդամներու ու անոնց բարեկամներու կիներ եւ յատկանշական ներդրում ունեցած էր դրամահաւաքի ու առողջապահութեան դաստիարակութեան մարզերուն մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին ուղղակի կապ հաստատուեցաւ նշեալ վերականգնողական կեդրոնին մէջ դարմանուող զինուորներուն եւ տոքթ. Արմէն Մուրատեանի հետ, որ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի տնօրէնն է։

«Այս տարուան ձեռնարկը լուսարձակի տակ առաւ մեր համաշխարհային առողջապահական համայնքին հզօրութիւնը։ Մեզի համար պատիւ մըն էր նման մեծարումներ կատարելն ու Արցախի զինուորներուն բարօրութեան նպաստելը»,- եզրակացուց տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Քեւըն Գալստեան:

Աւելի քան 500 անդամներ ունեցող Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը Սփիւռքի մէջ: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.aamsc.org կայքը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին