Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՊՊԾ Գունդի Գրաւման Գործով Դատաւորը Մերժեց Ամբաստանեալներու Կալանքը Փոխելու Միտումով Կատարուած Միջնորդութիւնը

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շենկավիթ նստավայրին մէջ դատաւոր Արշակ Վարդանեանի  նախագահութեամբ Մայիս 11-ին կայացաւ առանձին վարոյթով քննուող ՊՊԾ (պարեկապահակային ծառայութեան) գունդի գրաւման գործով դատական նիստը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասով կը քննուին մեղադրեալներ Արամ Մանուկեանի, Յովհաննէս Յարութիւնեանի, Թաթուլ Թամրազեանի, Արամ Յակոբեանի, Տիգրան Մանուկեանի, Արայիկ Յակոբեանի, Վարդան Գերաւէտեանի, Մարտիրոս Յակոբեանի, Սերկէյ Կիւրեղեանի, Գէորգ Իրիցեանի եւ Թորոս Թորոսեանի գործերը:

Պաշտպանները միջնորդութիւն ներկայացուցած էին իրենց պաշտպանեալներու խափանման միջոցը որպէս կալանք կիրառելը վերացնելու վերաբերեալ եւ որպէս խափանման միջոց կիրառել բնակավայրէն ստորագրութեամբ չհեռանալը: Անոնք կը նկատէին, որ իրենց պաշտպանեալները կալանաւորման մէջ պահելու համար չկայ որեւէ հիմք:

Խորհրդակցական սենեակէն վերադառնալէ ետք դատարանը որոշեց  մերժել պաշտպաններու՝ իրենց պաշտպանեալներուն համար որպէս խափանման միջոց ընտրուած կալանքը վերացնելու եւ զայն գրաւով փոխելու կապակցութեամբ միջնորդութիւնները:

Միջնորդութիւն ներկայացուած էր նաեւ Արամ Յակոբեանի նկատմամբ յանձնաժողովային դատաբժշկական փորձաքննութիւն նշանակելու վերաբերեալ: Ինչպէս նշեց նախագահող դատաւորը, միջնորդութեամբ փորձ կը կատարուի պարզելու, թէ արդեօք մեղադրեալի մօտ հիւանդութիւնները կը  դասուի՛ն կառավարութեան 2006 թուականի որոշումով յաւելուածին մէջ ընդգրկուած ծանր հիւանդութիւններու շարքին:

Դատարանը բաւարարեց միջնորդութիւնը եւ նշանակեց դատաբժշկական յանձնաժողովային  փորձաքննութիւն, որուն կատարումը յանձնարարած է ԳԱԱ փորձաքննութիւններու ազգային պիւրոյ ՊՈԱԿ փորձագէտներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին