Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Պիտի Ստեղծուի Ռազմատեխնիկական Գիտահետազօտական Հիմնարկ

Գործադիրի երէկուան նիստին հաստատուեցաւ  «Ռազմատեխնիկական գիտահետազօտական ինստիտուտ (հիմնարկ)» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն ստեղծելու մասին կառավարութեան որոշման նախագիծը:

Պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Փախչանեան ներկայացնելով նախագիծը նշեց, որ կը նախատեսուի ՀՀ ՊՆ-ի ենթակայութեամբ ստեղծել Ռազմատեխնիկական գիտահետազօտական հիմնարկ, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ապահովել գիտատեխնիկական մշակումներու խնդիրներու իրականացումը եւ հայրենական արտադրութեան ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտաքին շուկաներու մէջ իրացնելու նախադրեալներու ստեղծումը:

Լուսաբանական հարց-պատասխանէ ետք Փաշինեան նշեց, որ փաստօրէն ասով պիտի ստեղծուի ռազմաարդիւնաբերական համալիրի ուղեղային կեդրոն, որ պիտի որոշէ առաջնահերթութիւնները, կարիքները եւ  պիտի ձեւակերպէ այն պահանջարկը, որ երկարաժամկէտ ու կարճաժամկէտ առումով ունինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին