Կը շարունակենք ամէն շաբաթասկիզբի համար նատեսուած մեր լրատուական շարքը, որուն միջոցաւ ամէն Երկուշաբթի մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք մեր լրատուական գործընկերոջ՝ «Արմէնփրեսի»-ի պատրաստած տուեալ թուականը նախորդող շաբաթուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններու ամփոփումը: Արեւմտահայերէնի վերածումը՝ «Զարթօնք»ին:
«Խմբ.»
Անցնող շաբաթը գերյագեցած էր ներքին ու արտաքին բազմաթիւ ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ «Արմէնփրես»-ը կը ներկայացնէ շաբթուան կարեւորագոյն ու հետաքրքրական իրադարձութիւններու ամփոփ պատկերը:
Ղարաբաղեան հակամարտութիւն
Մայիս 6-էն 12-ն ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն: Շաբթուան ընթացքին հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 150 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1500 կրակոց:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները չեն կրնար լիարժէք եւ արդիւնաւէտ ըլլալ՝ առանց կողմերէն մէկուն՝ Արցախի ղեկավարութեան մասնակցութեան: Խօսելով հիմնախնդիրի խաղաղ եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ կենսական է Արցախի ժողովուրդի՝ իր ճակատագիրը ինքնուրոյն որոշելու անքակտելի իրաւունքի ու վերջինիս իրացման միջազգային ճանաչումը: «Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման առումով մենք յանձնառու ենք բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը, որի հիմքում պէտք է ընկած լինի ժողովուրդների իրաւահաւասարութեանև ինքնորոշման սկզբունքը: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում ես պատրաստ եմ բանակցելու Ազրպէյճանի ղեկավարի հետ՝ որպէս հիմք ունենալով վերոնշեալ սկզբունքային դիրքորոշումը»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ փոխզիջումներու մասին խօսք կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, երբ Ազրպէյճանի կողմէ յստակ ուղերձ ըլլայ, որ Պաքուն պատրաստ է ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Արցախի մէջ ասուլիսի ընթացքին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկավ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Չի կարող խօսք գնալ փոխզիջումների մասին այն պարագայում, երբ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը բարձրաձայնում է Երեւանը, Զանգեզուրը գրաւելու մասին: Փոխզիջումների մասին կարող է խօսք լինել միայն այն պարագայում, երբ մենք Ազրպէյճանից ստանանք յստակ ուղերձ, որ Պաքուն պատրաստ է ճանաչել Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը»,- ըսաւ Փաշինեան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այն կարծիքին չէ, որ միջազգային հանրութիւնը անցած տարիներուն ընթացքին հանդուրժած է Ազրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, սակայն նկատել կու տայ, որ միջազգային հանրութեան հակազդեցութիւնը ազրպէյճանական հռետորաբանութեան պէտք է աւելի գործնական ըլլայ:
Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտում
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահութիւնը մերժած է քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կողմէ ներկայացուած օրինագիծը, որով կոչ կ’ընէր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըտլըրըմ արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ պաշտօնական Անգարայի հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերություններ հաստատելու առնչութեամբ յայտարարութեան, սակայն կրկնելով Անգարայի նախապայմանները:
Հայաստան եւ աշխարհ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ: Ռուսաստանի ղեկավարը շնորհաւորական հեռագիր ուղարկած Փաշինեանին՝ մասնաւորապէս նշելով. «Կ’ակնկալեմ, որ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին ձեր գործունէութիւնը կը նպաստէ մեր երկիրներու միջեւ բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման, ԱՊՀ-ի, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ գործընկերային փոխգործակցութեան»: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Տմիթրի Մեդվեդեւին՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ նշանակուելու կապակցութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 8-ին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: ՌԴ նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ եւ մաղթած յաջողութիւններ այդ պատասխանատու պաշտօնին վրայ: Զրուցակիցները երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու համատեղ աշխատանքը հայ-ռուսաստանեան ռազմավարական, դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ համախմբման գործընթացներու խորացման ուղղութեամբ: Կողմերը ընդգծած են, որ նշուած հարցերը աւելի մանրամասն քննարկելու առիթ կ’ունենան ԵԱՏՄ պետութիւններու ղեկավարներու Մայիս 14-ին կայանալիք նիստի ժամանակ։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՌԴ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամի ընթացքին ՌԴ հաւասարակշռուած դիրքորոշումին համար: Այս մասին ան Վլատիմիր Փութինին յայտնած է Մայիս 8-ին կայացած հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ: «Մենք շնորհաւորանքներ փոխանակեցինք եւ քննարկեցինք մի շարք ընթացիկ հարցեր»,- նշած է Փաշինեան՝ տեղեկացնելով, որ պայմանաւորուած են քննարկումը շարունակել Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՏՄ գագաթաժողովի առթիւ:
Հայաստանի մասին հեռուստալրագրող Միխայիլ Լեոնթեւի յայտարարութիւնները Քրեմլինը անյաջող կը համարէ եւ այն եզրակացութեան կու գայ, որ անոնց վրայ պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնել: «Անոնք անյաջող եւ ոչ տեղին արտայայտութիւններ էին, որոնց վրայ պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնել»,- ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Միացեալ Նահանգները շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ:
Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱՏՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճեյմզ Աբբաթուրայը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ: Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քուիրիքաշուիլին շնորհաւորած է Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Եւրոպական Միութեան միասնական արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած են: ԵՄ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆետերիքա Մոկերինին վարչապետ Փաշինեանին հրաւիրած է առաջին իսկ առիթով այցելել Պրիւքսել:
Հայաստանը հետաքրքրուած է երկրի տարածքին ռուսական ռազմակայանի պահպանումով։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ ռուսական «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ: Իր պնդումով՝ ռուսական ռազմակայանի առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է Հայաստանին եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմանի պահպանման համար։ «Հայաստանի բանակը շատ մօտ է ռուսական բանակին։ Մեր բանակը թեքնիկապէս յագեցուում է Ռուսաստանի կողմից։ Հայաստանն ու Ռուսաստանը անվտանգութեան նոյն կազմակերպութեան անդամներ են»,- նշած է Արմէն Սարգսեան։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացառիկ հարցազրոյց տուած է Վրաստանի «Առաջին ալիքին», ուր յատկապէս խօսած է Հայաստան-Վրաստան երկկողմ յարաբերութիւններու մասին: Վարչապետը իր խօսքին մէջ նշած է․ «Մեր կուսակցութեան («Քաղաքացիական պայմանագիր»- խմբ.) ծրագրում Վրաստանը որոշիչ դեր ունի Հայաստանի համար: Կարծում եմ, մեր յարաբերութիւնները պէտք է զերծ լինեն աշխարհաքաղաքական գործօններից եւ ազդեցութիւնից, որոնք, ցաւօք, ոչ միշտ են դրական»:
ՀՀ-Ազրպէյճան սահմանը խախտելու փորձի ժամանակ Մայիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը հայ դիրքապահներուն կողմէ ձերբակալուած է օտարերկրացի վեց անձ: «Արմէնփրես»-ը յաջողած է ճշդել, որ օտարերկրացիները փորձած են Ազրպէյճանի կողմէ սահմանը ապօրինի հատելով անցնիլ ՀՀ տարածք:
Ներհայաստանեան զարգացումներ
ՀՀ վարչապետի Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ նոր ձեւաւորուելիք կառավարութեան առաջնահերթ խնդիրը պիտի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ձեւաւորել ազգային համերաշխութեան մթնոլորտ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ նոր կառավարութեան խնդիրը պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի մէջ օրէնքի եւ իրաւունքի վրայ հիմնուած ազգային միասնութեան հաստատումը: «Բոլոր մարդիկ հաւասար են օրէնքի առաջ: Հայաստանում արտօնեալներ չեն լինելու եւ վերջ: Ընտրութիւնների արդիւնքներն այլեւս չեն կեղծուելու, ընտրակաշառք չի բաժանուելու եւ վերջ: Արհեստական տնտեսական մենաշնորհներ չեն լինելու, իւրաքանչիւր ոք կարողանալու է զբաղուել իր ուզած պիզնեսով եւ վերջ: Մարդու իրաւունքները պաշտպանուած են լինելու, իշխանութիւնը փող աշխատելու միջոց չի լինելու, երկրից արմատախիլ է արուելու կաշառքը եւ վերջ»,- ընդգծեց Փաշինեան:
Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական շահը: Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ուղղութեամբ Հայաստանը պիտի շարունակէ առաջամարտիկի դեր խաղալ: «Մենք հաւատարիմ ենք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, համոզուած ենք, որ միայն ոճրի ճանաչման միջոցով հնարաւոր է կանխարգելել նման յանցագործութիւնները»:
ՀՀ Ազգային ժողովի Մայիս 8-ի յատուկ նիստին կայացած անուանական, բաց քուէարկութեամբ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ ՀՀ վարչապետ: Փաշինեանին կողմ քուէարկեց 59, դէմ՝ 42 պատգամաւոր: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 8-ին հրամանագիր ստորագրած է Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետ նշանակելու մասին:
ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ Մայիս 8-ին կայացած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջին հանդիպումը: Շնորհաւորելով Նիկոլ Փաշինեանին՝ երկրի նախագահը ըսած է. «Ուզում եմ մաղթել, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ ձեւաւորէք կառավարութիւնը եւ լծուէք այն բոլոր խնդիրների լուծմանը, որ մեր պետութեան, կառավարութեան, ողջ ժողովրդի եւ այս երկրի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ են: Ձեզ լաւագոյն մաղթանքներս եւ յաջողութիւններ»:
Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է ԱՀ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւս ցոյց տուած են, որ հայկական բանակը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ: Վարչապետը ընդգծած է, որ զինուած ուժերու հետ կապուած բոլոր խնդիրները պիտի գտնուին ՀՀ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին:
Հայաստանի խորհրդարանի փոխխօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը կը վստահեցնէ, որ ՀՀԿ-ն ընդդիմութիւն պիտի ըլլայ, որուն քայլերը պիտի միտին Հայաստանի հզօրացման: Շարմազանովը այս մասին ըսաւ խորհրդարանին մէջ վարչապետի ընտրութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: «Քաղաքական ուժը, որ իրեն պետական գաղափարախօսութեան կրող կը համարէ, պիտի չառաջնորդուի վերմակը իր վրայ նետելով: Երբեմն պէտք է զիջումներու երթալ՝ հասկնալով, որ ատիկա է այս պահուն իրական ճանապարհը: Ես անձամբ դէմ քուէարկած եմ, եւ առհասարակ մեր հաւաքական կարծիքը Փաշինեանի քաղաքական ղեկավարութեան, վարչապետութեան վերաբերեալ չենք փոխած, բայց կան իրողութիւններ, մենք չենք կրնար հաշուի չնստիլ իրողութիւններու հետ»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով ըսաւ Շարմազանովը:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Վալերի Օսիպեանը նշանակուած է ՀՀ ոստիկանութեան պետ: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Արթուր Վանեցեանը նշանակուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Արայիկ Յարութիւնեանը ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնին նշանակելու մասին: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրերով՝ Արարատ Միրզոյեանը նշանակուած է ՀՀ առաջին փոխվարչապետ, իսկ Տիգրան Ավինեանը՝ ՀՀ փոխվարչապետ: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար նշանակած է Սուրէն Պապիկեանը, իսկ Սփիւռքի նախարար նշանակուած է Մխիթար Հայրապետեանը։ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 12-ին հրամանագիր ստորագրած է Զօհրապ Մնացականեանը ՀՀ արտաքին գործոց նախարար նշանակելու առնչութեամբ: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար նշանակուած է Մանէ Թանդիլեանը։ Նախագահի այլ հրամանագիրերով՝ ՀՀ ֆինանսներու նախարար նշանակուած է Ատոմ Ջանջուղազեանը, ՀՀ արդադադատութեան նախարար՝ Արտակ Զէյնալեանը եւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեանը։ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Դաւիթ Տոնոյեանը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակելու կապակցութեամբ: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Մհեր Գրիգորեանը նշանակուած է փոխվարչապետ։ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրերով՝ Լեւոն Վահրատեանը նշանակուած է ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, Արթուր Խաչատրեանը՝ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար: Նախագահը երկու այլ հրամանագիրերով՝ Արթուր Գրիգորեանը նշանակած է ՀՀ ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար, իսկ Հրաչեայ Ռոստոմեանը՝ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար: ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար նշանակուած է Աշոտ Յակոբեանը, ՀՀ բնապահպանութեան նախարար՝ Էրիք Գրիգորեանը, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար՝ Արծուիկ Մինասեանը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար՝ Լիլիթ Մակունցը։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարութեան կազմի պետին յանձնարարած է խիստ ուշադրութիւն դարձնել, որ բոլոր զինծառայողները ապահովուած ըլլան անհրաժեշտ պարագաներով՝ զինուորական հագուստով, կոշիկով ու որակեալ սնունդով։
Եթէ երիտասարդներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ որեւէ բախում տեղի ունենար, ապա ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը կը կանգնէր երկուքին միջեւ՝ թոյլ չտալով այդօրինակ միջադէպեր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, նման դիտարկում ՀՀ նախագահը ըրած է «Էխօ Մոսքվիի»-ն տուած հարցազրոյցի ժամանակ: «Իմ համակրանքը մշտապէս ժողովրդի կողմն է: Եթէ ժողովուրդը կանգնած է հրապարակում, ապա ես պէտք է այնտեղ լինեմ: Եթէ ժողովուրդն առաջնագծում է, ես պէտք է այնտեղ լինեմ: Ես այլ լծակ չունեմ եւ ամենայն հաւանականութեամբ չեմ էլ ունենայ: Այդպիսին է մեր Սահմանադրութիւնը, ես չեմ գրել այն: Սակայն երբ ես համաձայնուում էի, գիտէի, թէ ուր եմ գալիս»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեանը:
ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան պատասխանած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութեան, որով վերջինս կը հաղորդէ, թէ պատգամաւորներ՝ ՀՀԿ-ական Գրիգոր Աւալեանին եւ դաշնակցական Աղուան Վարդանեանին իրենց լիազօրութիւններէն հրաժարուելու կապակցութեամբ ներկայացուող պահանջը հակասահմանադրական է:
Պետական եկամուտներու կոմիտէն 2018-ի Յունուար-Ապրիլին ապահոված է աննախադէպ ցուցանիշ` 14.5 միլիառ դրամով գերակատարելով պիւտճէով նախատեսուած մուտքերը: Պետական պիւտճէի եկամուտը կազմած է շուրջ 390 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ապահովելով 7.5 տոկոս կամ 27.3 միլիառ դրամի աճ:
ՀՀ կառավարութեան 2018 թուականի Ապրիլ 26-ի 524-Ն որոշումով ներդրուած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ վարուող հարցումներու միասնական www.e-request.am հարթակը: Հարթակի նպատակն է քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն ընձեռել ելեկտրոնային եղանակով հարցում, դիմում կամ բողոք ներկայացնելու տեղեկատուութիւն տնօրինող պետական մարմիններուն եւ ելեկտրոնային եղանակով ստանալ պատասխան:
Եռատօն
Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ Մայիս 8-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 9-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձի առթիւ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն տեղեկացուցած են, որ ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Մենք միշտ յիշում ենք մեր հերոս հայրերի ու պապերի սխրագործութիւնները Մեծ Հայրենականում, մենք դաստիարակուել ենք նրանց օրինակով ու նաեւ այդ օրինակով էլ ոգեշնչուած ազատագրել ենք Շուշին, հայկական հինաւուրց բնակավայրերը եւ կերտել ազատ ու անկախ պետականութիւն: Մեր ժողովրդի հերոսական աւանդոյթներն այսօր շարունակում է անկախութեան սերունդը, շարունակում է պատուով ու վստահօրէն՝ հարստացնելով մեր տարեգրութեան յաղթական էջերը»:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առթիւ: Վարչապետի ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Այսօր հայ ժողովուրդը Հայաստանում, Արցախում եւ սփիւռքում կրկին վստահ է իր ուժերին, Շուշիի ազատագրման ոգին արթուն է մեր սրտերում եւ աչքերում: Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպա՛րտ քաղաքացիներ, չեմ կասկածում, որ վերջին իրադարձութիւններով աւելի ամրապնդուած հայ ժողովրդի յաղթական ոգին Հայաստանին ու Արցախին բերելու է նոր յաջողութիւններ։ Հայ ժողովուրդը վստահ քայլում է իր երազանքների իրականացման ճանապարհով»:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առթիւ: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Քաջութեան, հերոսութեան եւ յանուն Հայրենիքի ինքնազոհութեան այդ ոգին այսօր ամուր նստած է Հայրենիքի պաշտպանի՝ հայ զինուորի մէջ: Այդ նա էր՝ յաղթական զինուորը, որ 2016-ի Ապրիլին անօրինակ սխրանքով պաշտպանեց հող հայրենին: Եւ այսօր մեր պայծառ պատանիներն ու երիտասարդներն են կանգնել հերթափոխի, ստեղծարար եռանդով, նպատակասլացութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ լծուել Հայրենիքի վերաշինման գործին»: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ մասնակցած է Շուշիի ազատագրման 26-ամեակի եւ Հայրենական մեծ պատերազմին տարուած յաղթանակի 73-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն: Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ նախագահը շնորհաւորեց բոլորին Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առիթով. «Այսօր յաղթութեան օր է, նաեւ կարող ենք ասել, որ նոր հանրապետութեան առաջին օրն է եւ այդ օրը յաղթական է:Մեր երկրում շատ բան է փոխուել երէկուանից յետոյ: Այսօր մենք ունենք նոր վարչապետ եւ ժողովրդի մեծ մասը, երիտասարդները մեծ յոյսեր ունեն, որ վաղն աւելի լաւ է լինելու, քան երէկ, եւ վաղը չէ միւս օրը աւելի լաւ է լինելու, քան վաղը»: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 9-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ այցելած է մայրաքաղաքի «Յաղթանակ» զբօսայգի եւ պատերազմի վեթերաններուն, ՀՀ ԶՈւ բարձրաստիճան սպայակազմի, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց, ազատամարտիկներու հասարակական կազմակերպութիւններուն, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական զօրաբանակի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ ծաղկեպսակ դրած է Անյայտ զինուորի շիրիմին:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիմնադրման օրերու առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Գոհութիւն Տիրոջը, որ մեր ժողովրդի զաւակները լի են վճռականութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու եւ նորանոր իրագործումներով կերտելու լուսաւոր ու պայծառ գալիքըազգի եւ հայրենեաց»:
ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 9-ին ուղերձ յղած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանին: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ եւ ի դէմս Ձեզ՝ մեր բոլոր համաքաղաքացիներին, աշխարհասփիւռ մեր քոյրերին ու եղբայրներին Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուայ կապակցութեամբ: Այսօրը երիցս ոսկէ տառերով է գրուել հայոց պատմութեան մէջ: Վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը, շարունակելով իր պատմական երթը, սերնդէ-սերունդ փոխանցելու է ցնծութեան եւ հպարտութեան զգացումը մայիսեան յաղթանակների համար»:
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Մկրտչեանի հրամանով հաստատուած են 2017-2018 ուսումնական տարուան գիտելիքներու ստուգման, պետական աւարտական քննութիւններու կազմակերպման, իրականացման աշխատակարգը եւ ժամանակացոյցը:
Սփիւռք
ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգի ամենայայտնի նահանգապետներէն մէկը՝ ամերիկահայ Ճորճ Տէօքմէճեանը մահացած է: ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի ժողովուրդին եւ անձամբ իր անունով ցաւակցական հեռագիր յղած է Տէօքմէճեաններու ընտանիքին` Ճորճ Տէօքմէճեանի մահուան կապակցութեամբ:
Միջազգային խճանկար
Վլատիմիր Փութին ստանձնած է Ռուսաստանի նախագահի պաշտօնը նոր ժամկէտով: Այդ մասին յայտարարած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ Վալերի Զորքին այն բանէն ետք, երբ Փութինը Քրեմլինի Մեծ պալատի Անդրեեւեան դահլիճին մէջ ընդունեց նախագահական նշանը եւ երդում տուաւ։ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Վլատիմիր Փութինին՝ ՌԴ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:
ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ԳԴՀ-ի վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ընդգծած են իրանական միջուկային գործարքը պահպանելու կարեւորութիւնը: Գերմանական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են նաեւ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ հետ կապուած թեմաներ:
Իսրայէլի օդուժը, ի պատասխան հրթիռակոծման, գրոհած է Սուրիոյ մէջ Իրանի տասնեակ դիրքերուն եւ հակաօդային պաշտպանութեան մարտկոցներուն վրայ, ինչի մասին յայտնած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը: Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու ինքնաթիռները Սուրիոյ մէջ ռազմական կայաններուն հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի օդային տարածութենէն: