ՀՀ կառավարութիւնը 12 միլիոն 990 հազար դրամ պիտի յատկացնէ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ օտարերկրեայ հայ քաղաքացիներուն տրամադրուած ՀՀ անձնագիրին դիմաց պետական տուրքի փոխհատուցման նպատակով: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ այս մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մայիս 11-ի նիստի օրակարգին:
Ըստ նախագիծի հիմնաւորման՝ 2018-ի առաջին եռամսեակին ընթացքին տրամադրուած է օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերական 230 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Ի դէպ, այդ անձնագիրերը տրամադրուած են Դամասկոս (93 գործ), Հալէպ (128 գործ), Պաղտատ (7 գործ), Պէյրութի (2 գործ) գտնուող ՀՀ դեսպանութեան մէջ` ՀՀ քաղաքացիներուն եւ հայ ա՛յն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ձեռք բերած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անձնագիր ստանալու համար:
«ՀՀ կառավարութիւնը ամէն կերպով կը փորձէ աջակցիլ այն հայ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց մշտական բնակութեան օտարերկրեայ պետութեան մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան»,- ըսուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ: