Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Էրտողան Դարձեալ Կ’արտայայտուի «1915-ի Դէպքեր»-ու «Բաց» Արխիւներուն Մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մայիս 8-ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին դարձեալ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ ասպարէզ կարդալով Ցեղասպանութեան «պնդում»-ները կատարողներուն։  Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա»-ն։

«Այսօր Թուրքիոյ զինուորական ուժերը ամբողջովին բացած են իրենց արխիւները եւ անոնք ուսումնասիրութիւններու տրամադրութեան տակ են։ Բացուած են նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան արխիւները։ Ո՛վ ուզէ, թող գայ եւ ուսումնասիրէ։ Շարունակ այս կոչը ըրի մասնաւորաբար բոլոր անոնց, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կը խօսին։ Եթէ կ’ուզէք, հրամմեցէ՛ք, եկէ՛ք։ Մենք բացեր ենք մեր արխիւները, եթէ դուք ունիք, դո՛ւք ալ բացէք ձեր արխիւները։ Բայց ասոնք, միանալով իրենց Սփիւռքին, ուրիշ ոչի՛նչ կ’ընեն, բացի արատաւորելէ Թուրքիան։ Ուրիշ ոչի՛նչ կ’ընեն, բացի Թուրքիոյ դէմ արշաւներ կազմակերպելէ։ Առատ դրամ ալ ունին։ Կը ջանան Թուրքիան ձգել յանցաւորի դիրքին մէջ։ Պիտի չյաջողի՛ն։ Որովհետեւ մենք իրաւացի՛ ենք»,- ըսաւ Էրտողան՝ կրկնելով, որ «Թուրքիան ցեղասպանական անցեալ չունի»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին