Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի՝ մեծապէս գնահատելի եւ արժանի գիրքը «Ձայներ լռութեան մէջ» աննախընթաց պատկերազարդ-ալպոմը Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կապաթովկիոյ մասին, պիտի ներկայացուի մեր համայնքին Կիրակի, Մայիս 20-ին՝ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Ձեռնարկի հովանաւորողներն են՝ Տէր եւ Տիկին Մանուկ եւ Սոնիա Ագըլեաններ: Ողջունահանդէսը կազմակերպուած է Մաշտոց Գոլէճի հոգաբարձութեան Տիկնանց օժանդակ մարմինի եւ շրջանաւարտից միութեան կողմէ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գույումճեան սրահին մէջ:
Հասցէն՝ 1510 E. Mountain str., Glendale:
Հանդիսավարն է Դոկտ. Վաչէ Մանկրեան: Հատորը պիտի ներկայացնէ Պրն. Սարգիս Մաճարեան: Գեղարուեստական յայտագիրին մաս պիտի կազմեն Թագուհի Արզումանեան (ասմունք), Անժելա Ամիրեան (ջութակ), Արաքս Կարապետեան (մեներգ):
Ըստ Պրն. Յարութ Սասունեանի՝ «Ձայներ լռութեան մէջ» հիանալի ալպոմ մըն է մեր պատմական Հայաստանի հողերուն: Սքանչելի նկարներ, որոնց մեծամասնութիւնը ես երբեք չեմ տեսած: Ալպոմը նաեւ ցոյց կու տայ մեր հսկայ կորուստները ջարդի հետեւանքով: Կը յուսամ, որ ամէն հայ օրինակ մը կ’ունենայ այս համապարփակ պատմական ալպոմէն, որպէսզի չմոռնան իրենց անցեալը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Հատորը գլուխ գործոց մըն է»:
Տիկ. Անի Թոթահ հատորի մասին այսպէս կ’արտայայտուի. «Սքանչելի հրատարակութիւն մը: Գիտելիքներու մեծ աղբիւր մըն է, որ կը լուսաւորէ: Դիւրընթեռնելի է, եւ պատկերազարդումներն ու բացատրողական բաժինը աւելի հետաքրքրական կը դարձնեն զայն: Հատորը կարելի է գործածել որպէս դասագիրք: Հատորը պէտք է ղրկուի քոնկրեսականներուն եւ հաստատութիւններուն»:
Նահանգապետ Ճորճ եւ Կլորիա Տէօքմէճեաններ ըսած են. «Ուշագրաւ հրատարակութիւն մը: Մեր ոչ հայ ընկերները կը վայելեն հատորը, մէյ մը որ բացին այլեւս չեն կրնար մէկ կողմ դնել»:
Մեր համայնքը սիրով հրաւիրուած է հետաքրքրական եւ լուսաբանող այս ձեռնարկին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել Մաշտոց Գոլէճ (818) 548-9345: