Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ԱՄՆ Դեսպանատունը Իրաւապահ Քննութիւններու Հետ Կապուած Տեղեկութիւններ Չի Քննարկեր. FBI-ի Խումբի Այցի Մասին Տեղեկութեան Հետքերով

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը իրաւասու չէ հաստատելու, ժխտելու կամ քննարկելու իրաւապահ քննութիւններու հետ կապուած տեղեկութիւններ: Այս մասին նշած են դեսպանութենէն՝ «Արմէնփրես»-ի խնդրանքով արձագանգելով ԶԼՄ-ներու որոշ հրապարակումներուն, ըստ որոնց՝ ԱՄՆ Հետաքննութիւններու դաշնային պիւրոյի (FBI) քննիչներու խումբը պիտի այցելէ Հայաստան:

«Մեր քաղաքականութենէն մեկնելով՝ մենք իրաւասու չենք հաստատելու, ժխտելու կամ քննարկելու իրաւապահ քննութիւններու հետ կապուած տեղեկութիւններ»,- ըսած են դեսպանութենէն:

Գործակալութիւնը խնդիրին մասին փորձած է տեղեկութիւններ ճշդել ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն: «Նշուած նպատակով՝ նման խումբի այցելութեան մասին տեղեկութիւն չունի ՀՀ դատախազութիւնը»,- յայտնած են դատախազութենէն:

Հայկական որոշ լրատուամիջոցներ օրերս տեղեկութիւն տարածած էին, թէ Հայաստան պիտի ժամանեն ԱՄՆ Հետաքննութիւններու դաշնային պիւրոյի (FBI) քննիչներու խումբ. «Խումբի անդամները Հայաստանէն ապօրինի դրամագումարի արտահոսքի ուսումնասիրութիւններ պիտի  սկսին»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին