Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանին Հետ Հեռաձայնային Խօսակցութեամբ Կը Շնորհաւորէ Շուղիի Ազատագրման 26-րդ Ամեակը

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ հեռաձայնային խօսակցութեամբ կը շնորհաւորէ Շուշիի ազատագրման 26-րդ ամեակը։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց Պրն. նախագահին, որ Շուշիի ազատագրման 26-րդ ամեակը ամբողջ հայութեան ուրախութիւն ու հպարտութիւն առթող պատմական դէպք է։ Անհրաժեշտ է սակայն, որ Արցախը միշտ մնայ կիզակէտը ամբողջ հայութեան, որովհետեւ Արցախի հզօրացումը հզօրացումն է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։

Նորին Սրբութիւնն ու Պրն. նախագահը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը մնայուն խորհրդակցութեան մէջ ըլլալու Արցախը եւ ամբողջ հայութիւնը յուզող հարցերու ու դիմագրաւող մարտահրաւէրներու գծով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին