Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ մասնակցեցաւ Շուշիի ազատագրման 26-ամեակի եւ Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 73-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նախագահը շնորհաւորեց բոլորին Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: «Այսօր յաղթութեան օր է, նաեւ կարող ենք ասել, որ նոր հանրապետութեան առաջին օրն է եւ այդ օրը յաղթական է: Մեր երկրում շատ բան է փոխուել երէկուանից յետոյ: Այսօր մենք ունենք նոր վարչապետ եւ ժողովրդի մեծ մասը, երիտասարդները մեծ յոյսեր ունեն, որ վաղն աւելի լաւ է լինելու, քան երէկ, եւ վաղը չէ միւս օրը աւելի լաւ է լինելու, քան վաղը»,- ըսաւ նախագահը:
Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ տօնական միջոցառումներուն ներկայ էին նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանը, ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանը, ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեանը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեանը, որոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Անյայտ զինուորի յուշարձանին մօտ: