Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Դպրեվանքի Տիկնանց Նորակազմ Խորհուրդը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 7 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, գլխաւորութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանին, ընդունեց Դպրեվանքի Տիկնանց նորանշանակ Խորհուրդը։

Հայր Սուրբը առաջին հերթին զեկուցեց Վեհափառ Հօր Խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն մասին՝ անոր կազմութեան օրէն մինչեւ օրս։ Խորհուրդին առաքելութիւնն է օգտակար հանդիսանալ Դպրեվանքի առաւել բարեզարդման՝ զանազան բնագաւառներու մէջ։

Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Տիկնանց Խորհուրդին տարած աշխատանքները եւ քաջալերեց անոր կատարած առաքելութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Դպրեվանքին նկատմամբ մեր ունեցած հոգածութիւնն ու բծախնդրութիւնը ուղղուած է ո՛չ միայն Դպրեվանքին, այլեւ ամբողջ Սփիւռքին։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը Խորհուրդին փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւններն ու թելադրանքները։

Յայտնենք, որ Խորհուրդի անդամներն են: Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան, Տիկ. Մարօ Թազեան, Տիկ. Սիլվա Սիսլեան, Տիկ. Ալին Գէորգեան եւ Տիկ. Սիլվի Ագիլեան։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին