Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ազրպէյճանէն ՀՀ Սահմանը Ապօրինի Անցնելու Փորձ Կատարողները Պանկլատեշի Քաղաքացիներ Են

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը ապօրինի անցնելու փորձ կատարած անձերը Պանկլատեշի քաղաքացիներ են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեանը:

«Դիրքապահները սահմանային ռեժիմը խախտելու պահուն յաջողած են վնասազերծել 6 պանկլատեշցիներէ բաղկացած խումբը: Դիրքապահները համապատասխան աշխատանք կատարելու համար զանոնք փոխանցած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն»,- ըսաւ Վիգէն Սարգսեանը:

Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանը խախտելու փորձի ժամանակ Մայիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը հայ դիրքապահներու կողմէ ձերբակալուած է օտարերկրացի վեց անձ: Օտարերկրացիները փորձած են Ազրպէյճանի կողմէ սահմանը ապօրինի հատելով անցնիլ ՀՀ տարածք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին