Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Ընտրուեցաւ ՀՀ Վարչապետ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Մայիս 8-ի յատուկ նիստին կայացած անուանական, բաց քուէարկութեամբ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ ՀՀ վարչապետ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ Փաշինեանի օգտին կողմ քուէարկեց 58, դէմ՝ 42 պատգամաւոր:

Փաշինեան առաջադրուած էր պատգամաւորներու թիւի աւելի քան 1/3-ի՝ 41 պատգամաւորի ստորագրութեամբ: Իր առաջադրումն ու թեկնածութիւնը սատարելու մասին յայտարարած էին «Ելք» խմբակցութիւնը՝ 9 պատգամաւոր, «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը՝ 31 պատգամաւոր եւ ՀՅԴ-ն՝ 6 պատգամաւոր (խմբակցութեան 7 պատգամաւորներէն մէկը՝ Աղուան Վարդանեանը վարչապետի ընտրութեան առաջին փուլին, դէմ երթալով խմբակցութեան՝ կողմ քուէարկելու որոշումին, յայտարարեց չքուէարկելու մասին: Ան իր լիազօրութիւններէն հրաժարեցաւ կուսակցութեան պահանջով):

Խորհրդարանական մեծամասնութիւն (58 պատգամաւոր) ունեցող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը վարչապետի ընտրութեան առաջին փուլէն ետք յայտարարած էր, որ վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլին կը պաշտպանէ պատգամաւորներու մէկ երրորդի (35 պատգամաւոր) կողմէ առաջադրուած թեկնածուին, եւ այդ օրը Հայաստանը կ’ունենայ վարչապետ:

Համաձայն ՀՀ սահմանադրութեան՝ կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետ նշանակուելէ ետք՝ տասնհինգօրեայ ժամկէտի մէջ: Իր նշանակումէն ետք վարչապետը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ Հանրապետութեան նախագահին կ’առաջարկէ փոխվարչապետներու եւ նախարարներու թեկնածուները: Կառավարութեան կազմաւորումէն ետք քսանօրեայ ժամկէտի մէջ վարչապետը Ազգային ժողով կը ներկայացնէ կառավարութեան ծրագիրը:

ԱԺ-ն կառավարութեան ծրագիրին հաւանութիւն կու տայ եօթնօրեայ ժամկէտի մէջ` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ: Եթէ ԱԺ-ն հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին եւ չընտրէ նոր վարչապետ, ապա ԱԺ-ն կ’արձակուի իրաւունքի ուժով: Եթե Ազգային ժողովը ընտրէ վարչապետին, սակայն դարձեալ հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին, ապա Ազգային ժողովը կ’արձակուի իրաւունքի ուժով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին