Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

ՀՀԿ-ն Ընդդիմութիւն Պիտի Ըլլայ, Որուն Քայլերը Պիտի Միտին Հայաստանի Հզօրացման. Էդուարդ Շարմազանով

Հայաստանի խորհրդարանի փոխխօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը կը վստահեցնէ, որ ՀՀԿ-ն ընդդիմութիւն պիտի ըլլայ, որուն քայլերը պիտի միտին Հայաստանի հզօրացման: Շարմազանովը այս մասին ըսաւ խորհրդարանին մէջ վարչապետի ընտրութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: «Քաղաքական ուժը, որ իրեն պետական գաղափարախօսութեան կրող կը համարէ, պիտի չառաջնորդուի վերմակը իր վրայ նետելով: Երբեմն պէտք է զիջումներու երթալ՝ հասկնալով, որ ատիկա է այս պահուն իրական ճանապարհը: Ես անձամբ դէմ քուէարկած եմ, եւ առհասարակ մեր հաւաքական կարծիքը Փաշինեանի քաղաքական ղեկավարութեան, վարչապետութեան վերաբերեալ չենք փոխած, բայց կան իրողութիւններ, մենք չենք կրնար հաշուի չնստիլ իրողութիւններու հետ»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով ըսաւ Շարմազանովը:

«ՀՀԿ-ն Ազգային ժողովին պիտի պահպանէ՞ մեծամասնութիւնը» հարցին, Շարմազանովը պատասխանեց. «Իսկ ոեւէ մէկը կը կասկածի՞»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ի՛նչպէս ՀՀԿ-ն պիտի քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան ծրագիրին, Շարմազանովը ընդգծեց, որ ՀՀԿ-ն ամէն ինչ սկզբունքով կ’ընէ, որեւէ մէկուն ճնշումին տակ չառաջնորդուիր, ոչ ալ սուրճի բաժակ նայելով: «Հետեւաբար չեմ կրնար ըսել, թէ ի՛նչպէս կը քուէարկենք կառավարութեան ծրագիրին: Երբ ներկայացուի կառավարութեան ծրագիրը, այդ ժամանակ կ’ըսենք»,- ըսաւ ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին