Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ նոյն միութեան Մշակութային միաւորի վարչութեան Մայիս 1-ի երեկոյեան միութեան հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ համերգով հանդէս եկաւ Հայաստանի Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի ու պարի պետական համոյթը:
ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած համերգի մեկնարկը տրուեցաւ տհոլ-զուռնայի ուղեկցութեամբ, որուն յաջորդեցին համոյթի անդամներու մուտքը դահլիճ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ նուագախումբի, երգչախումբի ու պարախումբի խանդավառ կատարումները:
Համոյթի հաղորդավարուհի Մարինէ Մալեան՝ ողջունելով հանդիսատեսը, նշեց, որ Թաթուլ Ալթունեանի անուան անսամպլը Իրան ժամանած է Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան, ՀՈՒՍԿ հաստատութեան եւ Հայ ակումբի համատեղ հրաւէրով: Ապա շնորհակալական ու երախտագիտութեան խօսք ըսաւ հրաւէրի եւ Իրանի մէջ ելոյթ ունենալու առիթը ընձեռելու առումով. «Մշակոյթը միասնականութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի շուրջ համախմբելու գաղափարը սերմանելու լաւագոյն միջոց է: Դուք ապացուցեցիք, որ հայրենասիրութիւնը նախ եւ առաջ գործ է եւ ոչ` խօսք: Աշխարհի հինգ մայր ցամաքներ այցելած եւ հազարաւոր սրտեր հմայած 80-ամեայ համոյթը, կատարելով իր առաքելութիւնը, աշխարհին ներկայացուցած է հայկական աւանդական երգն ու պարը, ազգային նուագարանն ու հայկական տարազը»:
Երեկոյի ընթացքին խումբը հանդէս եկաւ Սայաթ-Նովայի, Արամ Խաչատրեանի, Ալեքսանդր Հեքիմեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Գուսան Շերամի ու այլոց հայկական ժողովրդական ու հայրենասիրական երգ-երաժշտութեան եւ պարային համարներու բարձրորակ ու շքեղ կատարումներով, որոնք արժանացան հանդիսատեսի դահլիճը թնդացնող երկարատեւ ծափողջոյններուն:
Համերգի աւարտին միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունէն Մանիա Ղուկասեան շնորհակալական խօսք ըսաւ իրականացուած համերգին եւ հանդիսատեսին բարձր տրամադրութիւն հաղորդող կատարումներուն համար, որմէ ետք թեմակալ առաջնորդի ձեռամբ յուշանուէր յանձնուեցաւ խումբի գեղարուեստական ղեկավար, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ժիրայր Ալթունեանին, որ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն համարեց արուեստներու ու արհեստներու քաղաք` Սպահանի Նոր Ջուղայի մէջ կրկին անգամ ելոյթ ունենալը՝ ըսելով, որ Թաթուլ Ալթունեանի անուան համոյթը առաջին անգամ Նոր Ջուղայի մէջ համերգով ելոյթ ունեցած է 1944 թուականին եւ հպարտութիւն համարեց այն, որ արուեստի եւ մշակոյթի միախառնումէն ստացուած է գեղեցիկ որակ, որ կը կոչուի եղբայրութիւն եւ համատեղ գործունէութիւն: Աւարտին Ալթունեան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան պատասխանատուներուն` հոգատար եւ բարի վերաբերմունքի համար:
Աւելցնենք, որ համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ժիրայր Ալթունեան, գլխաւոր պալէտվարը` ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Խաչիկեան, տնօրէնը` Գրիգոր Ոսկանեան, իսկ գործիքաւորման բաժինի ղեկավարը Էտկար Աւետիսեանն է:
Համերգը կը վայելէր Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպիսկոպոս Քեչեճեանի հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը:
Նոր Ջուղայի Հայ Մարզամշակութային «Արարատ» Միութեան
Թղթակից Երանուշ Թահմազեան