Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Էրտողանին Դեռ Հաւատացող Կա՞յ․ Փայլան

Թուրքիոյ ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան յիշեցուցած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարման տարիներուն Թուրքիոյ ունեցած տնտեսական կորուստներու մասին ու շեշտած, որ այդքանէն ետք Էրտողանի նախընտրական խոստումներուն դժուար է հաւատալ:

«16 տարիէ երկիրը կը ղեկավարէ (նկատի ունի նաեւ վարչապետի պաշտօնին ունեցած տարիները-tert.am), ընդհանուր գնաճը` 11 տոկոս, պետական վարկի տոկոսադրոյքը` 20 տոկոս, ընթացիկ ամավարկի պակասուրդը` 55 միլիառ տոլար: Եւ դեռ կ’ըսէ. «Եթէ 5 տարի ալ ինծի տաք, դրութիւնը աւելի կը լաւանայ։  Դեռ հաւատացող կա՞յ»,– գրած է Փայլան թուիթըրի իր պաշտօնական էջին վրայ:

Նախապէս ան նախազգուշացուցած է թրքական իշխանութիւնները հնարաւոր տնտեսական ճգնաժամի մասին: Ըստ Փայլանի` եթէ իշխանութիւնները որեւէ բանի չձեռնարկեն, ապա Թուրքիոյ մէջ մօտ ապագային կրնայ կրկնուիլ 1994-ի եւ 2001-ի տնտեսական ճգնաժամը:

Ըստ հայազգի պատգամաւորին` անցեալ տարի երկրին մէջ արձանագրուած տնտեսական աճը միայն թուացեալ է եւ նման է մեքենայի, որ մեծ արագութեամբ կը սլանայ, սակայն իրականութեան մէջ փչացած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին