Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւատարիմ է անցեալին կատարուած յայտարարութեան եւ բաւարար ձայներու քանակով կ’օժանդակէ, որպէսզի Հայաստանը Մայիս 8-ին ունենայ վարչապետ: Ազգային ժողովին խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ծիրին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ժամանակ այս մասին ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը: «Մնացած զարգացումներուն մասին քննարկումներ մենք չենք կատարած: Մենք մինչեւ Մայիս 8 ունինք մեր որոշումը՝ օժանդակել վարչապետի ընտրութեան, իսկ անկէ ետք կը քննարկենք մնացած հարցերը»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով ընդգծեց Պաղտասարեանը:
Պաղտասարեանը մանրամասնեց, որ ՀՀԿ-ն կը շարունակէ ունենալ նոյն մտահոգութիւնները, որոնց մասին ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները բարձրաձայնած են Մայիս 1-ին խորհրդարանին մէջ վարչապետի ընտրութեան հարցի քննարկման ժամանակ: «Մեր հիմնական մտահոգութիւնները կը վերաբերին արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան փոփոխութեան: Այդ մտահոգութիւնները կը շարունակեն մնալ, ինչի մասին տեղեակ է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանը: Սակայն մենք, տեսնելով այն իրողութիւնը, որ ցոյցերուն դուրս եկած մեր քաղաքացիները, այդ ցոյցերու կազմակերպիչները անդրդուելի են իրենց դիրքորոշումներուն մէջ, որոշում կայացուցինք, որ երկրորդ փուլին կ’աջակցինք պատգամաւորներու 1/3-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուին: Երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու համար մենք քաղաքական որոշում կայացուցած ենք օժանդակելու, որպէսզի Մայիս 8-ին վարչապետ ընտրուի, քանի որ մեզի համար ամենակարեւորը մեր երկրին մէջ կայունութիւն հաստատելն է»,- նշեց ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը:
Ազգային ժողովին վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի կ’ունենայ Մայիս 8-ին՝ ժամը 12:00-ին, ԱԺ յատուկ նիստին: «Ելք», «Ծառուկեան» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները վարչապետի պաշտօնին առաջադրած են Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը: ՀՀԿ-ն յայտարարած է, որ պիտի սատարէ պատգամաւորներու 1/3-ի կողմէ առաջադրուած վարչապետի թեկնածուին:
Փաշինեանը, սակայն, Մայիս 1-ին ԱԺ յատուկ նիստին ձայներու 45 կողմ, 56 դէմ յարաբերակցութեամբ, չընտրուեցաւ վարչապետ: Վարչապետ ընտրուելու պարագային Փաշինեանը պէտք է տասնհինգօրեայ ժամկէտի մէջ կազմաւորէ կառավարութիւն: Կառավարութեան կազմաւորումէն ետք՝ քսանօրեայ ժամկէտի մէջ, վարչապետը Ազգային ժողով կը ներկայացնէ կառավարութեան ծրագիրը: