Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Տրասինդա Քորփորէյշըն»-ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած եւ արդէն իսկ ամենաշատ վաճառուած գիրքին հեղինակը Ուիլեըմ Չ. Ռեմփելն է:
Գիրքը հայ ընթերցողին կը ներկայացուի «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ. վերջինս ձեռք բերած է գիրքը հայերէն թարգմանելու եւ հրատարակելու բացառիկ իրաւունքը: Գիրքին թարգմանիչն է Ալինա Միրզոյեանը, աշխատանքները այս պահուն կ’ընթանան մեծ թափով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Panorama.am»-ը:
«Գիտնալով, որ ԱՄՆ-ի մէջ լոյս տեսած է մեծանուն հայերէն մէկուն՝ Քըրք Քըրքորեանի մասին գիրք մը, մենք մեծ ցանկութիւն ունէինք զայն թարգմանելու եւ ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն: Մենք պէտք է ճանչնանք մեր ազգի արժանաւոր զաւակները, հերոսները: Քըրք Քըրքորեանը հայ բացառիկ անհատներէն է: Եւ այս գիրքին մէջ ի յայտ կու գան բազում փաստեր, դրուագներ, որոնք մինչ այդ յայտնի չէին ոեւէ մէկուն եւ որոնց մասին արժէ գիտնալ: Ասիկա պատմութիւն մըն է յաջողակ մարդու եւ անոր անցեալ բացառիկ ճանապարհի մասին»,- կը նշէ «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան շուկայագիտութեան տնօրէն Շաւարշ Կարապետեանը:
Հրատարակչութենէն կը յայտնեն, որ «Խաղացողը. Թէ ինչպէս անփող, անուսում Քըրք Քըրքորեանը դարձաւ քափիթալիստական պատմութեան խոշորագոյն գործարարը» գիրքը լոյս տեսած է 2018 Յունուար 23-ին:
Ի դէպ, ասիկա փաստագրական գիրք է. բոլոր մէջբերումներն ու նկարագրական տեսարանները հիմնուած են ականատեսներու յուշերուն կամ նախապէս հրատարակուած պատմութիւններուն վրայ:
Նշենք, որ գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը ընթերցողներու սեղանին պիտի դրուի այս տարուան Յունիսին: