Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Մասնագիտական Հաւաքներ ՊԲ Շարք Մը Զօրամասերու Մէջ

ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան շարք մը զօրամասերու ուսումնանիւթական հիմքին վրայ, 2018-ի պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն, իրականացած են հաւաքներ, որոնց ընթացքին ուշադրութիւն դարձուած են ընդգրկուած անձնակազմի մասնագիտական գիտելիքներու կատարելագործման, բանակին մէջ ներդրուած նորագոյն սարքերու իմացութեան ու կիրարկման հարցերուն: Այս մասին Արցախփրէս-Մարտիկէն կը հաղորդէ Յարութիւն Մկրտչեան։

Բանակի առանձին կապի զօրամասերէն մէկուն մէջ իրականացած հաւաքներուն ընդգրկուած են ՊԲ միաւորումներու եւ զօրամասերու կապի վաշտերու հրամանատարները եւ կապի հանգոյցներու պետերը: Տեսական եւ գործնական փորձերու միջոցով՝ վերոնշեալ օղակի սպայակազմը ապահոված է անհրաժեշտ գիտելիքներ, որոնք նոր թափ կը հաղորդեն հետագայ ծառայութիւնը առաւել նպատակային կազմակերպելու գործին:

ՊԲ առանձին ճարտարագիտական-սակրաւորային զօրամասի հիմքին վրայ հաւաքներ իրականացած են նաեւ պահեստազօրի շարքային կազմին հետ: Մարատն ու Մոնթէն  զինուորական մատակարարման (commissariat) ծանուցման արձագանգած են անմիջապէս, սիրով եւ պատասխանատուութեամբ ներկայացած համապատասխան զօրամաս: Փորձերն ալ օգնած են անցածը վերյիշելու եւ նորագոյն սարքերու կիրարկման առանձնայատկութիւններուն ծանօթանալու առումով: Պահեստազօրայինները համոզում յայտնած են, որ, անկախ քաղաքացիական մասնագիտութենէն, արցախցին նախ եւ առաջ զինուոր է:

Հրամանատարական հաւաքներ իրականացած են ՊԲ միաւորումներու եւ զօրամասերու զօրահաւաքային, շարային եւ համալրման բաժանմունքի պետ-շտաբի պետի տեղակալներու ու  բժշկական առանձին ջոկատներու գործավարութեան պետերու հետ: Նպատակ ունենալով խորացնել ուսուցանուողներու մասնագիտական գիտելիքները՝ հաւաքներու ղեկավար կազմը իրականացուցած է դասախօսութիւններ`  անձնակազմի հաշուառման, զօրահաւաքային պատրաստութեան, մարդուժի աշխատանքներու եւ յարակից այլ թեմաներով:

Հաւաքներ իրականացած են նաեւ ՊԲ զօրամասերու նորոգման վաշտերու հրամանատարներու ներգրաւումով: Ոլորտի պատասխանատուները առանձին ուշադրութիւն դարձուցած են զօրամասերուն մէջ սպառազինութեան եւ սարքերու սպասարկման ու վերանորոգման աշխատանքներու ճիշդ կազմակերպման:

Կազմակերպուած հաւաքները ծառայած են իրենց նպատակին` մասնակիցները ապահոված են համապատասխան փորձ ու գիտելիքներ, որոնք կը նպաստեն  նշուած բնագաւառներուն մէջ հետագայ ծառայութեան առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին