Ուաշինկթընի նորաբաց Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ ներկայացուած են հայկական բացառիկ ձեռագիրեր:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մօտ գտնուող թանգարանին մէջ ներկայացուած է Աստուածաշունչի պատմութիւնը եւ ազդեցութիւնը աշխարհի տարբեր հասարակութիւններու ու մշակոյթներու վրայ:
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են վաղ քրիստոնէական արուեստի աւելի քան 600 նմոյշներ եւ Սուրբ Գիրքի ձեռագիր ու վաղ տպագիր օրինակներ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն կը յայտնեն, որ Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ ներկայացուած են վաղ հայկական քրիստոնէական արուեստի շարք մը ձեռագիրեր:
Անոնց մէջ են 12-15-րդ դարերու պատկերազարդ Աւետարանը, որ պատկանած է Կիլիկիոյ հայ թագաւորներուն, 17-րդ դարու ձեռագիր Աւետարան մը Պոլիսէն:
Թանգարանի թարգմանութիւններու բաժինը կը պատմէ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայկական այբուբենի ստեղծման պատմութիւնը:
Կեդրոնական Դրամատունը Արծաթէ Յուշադրամներ Դրած Է Շրջանառութեան Մէջ
ՀՀ կեդրոնական դրամատունը Ապրիլ 30-ին շրջանառութեան մէջ դրած է «Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակ», «Սարդարապատի հերոսամարտի 100-ամեակ», «2018-ի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութիւն» արծաթէ յուշադրամները: Այս մասին կը հաղորդեն ԿԴ հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն:
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակ
Յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած են Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան զինանշանները:
Յուշադրամի դարձերեսին պատկերուած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի պատկերը:
Անուանական արժէքը 5000 դրամ
Մետաղը/յարգը արծաթ 9250
Քաշը 168.1 գ
Տրամագիծը 63.0 մմ
Որակը պրուֆ
Դրամաշուրթը հարթ, համարակալուած
Քանակը 300 հատ
Նկարներու հեղինակն է Լուսինէ Լալայեանը:
Հատուած է Լիթուանիոյ դրամահատարանին մէջ:
Սարդարապատի հերոսամարտի 100-ամեակ
Յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած է Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրի զանգաշտարակը` ճակատամարտի քարտէսի համապատկերին:
Յուշադրամի դարձերեսին պատկերուած է Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրի ճեմուղիէն հատուած` արծուի քանդակային պատկերով:
Անուանական արժէքը 1000 դրամ
Մետաղը/յարգը արծաթ 9250
Քաշը 33.6 գ
Տրամագիծը 40.0 մմ
Որակը պրուֆ
Դրամաշուրթը ատամնաւոր
Քանակը 500 հատ
Նկարներու հեղինակն է Յարութիւն Սամուէլեանը:
Հատուած է Լիթվիայի դրամահատարանին մէջ:
2018 թուականի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութիւն
Յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած է ՀՀ զինանշանը:
Յուշադրամի դարձերեսին պատկերուած են ֆութպոլային հանդիպումներու կազմակերպիչ-քաղաքներու քարտէսը եւ գնդակի պատկեր:
Անուանական արժէքը 100 դրամ
Մետաղը/յարգը արծաթ 9250
Քաշը 20.0 գ
Տրամագիծը 38.6 մմ
Որակը պրուֆ
Դրամաշուրթը ատամնաւոր
Քանակը մինչեւ 5000 հատ
Նախագիծներու հեղինակներն են՝ MDM (Münzhandelsgesellschaft Deutsche Münze) ընկերութեան մասնագէտները:
Հատուած է «Geiger Edelmetalle» ընկերութեան դրամահատարանին մէջ (Գերմանիա):