Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Համահայկական Հիմնադրամի Ֆինանսաւորումով Առաջին Խորքային Հորերը Շահագործման Յանձնուած Են

 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորումով արդէն փորուած են 3 խորքային հորեր Մարտունիի եւ 1 հատ Ասկերանի շրջաններուն մէջ:

Այս մասին, ըստ  «Արցախփրես»-ի, յայտնած է  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Անոյշ Մարտիրոսեան` տեղեկացնելով, որ խորքային հորերէն մէկը կը գտնուի Ասկերանի շրջանի Յովսէփաւան համայնքին մէջ, ուր, սակայն, ջրի պաշարներ չեն յայտնաբերուած: Միւս 3-ը կը գտնուին համապատասխանաբար Մարտունիի շրջանի Հաղորտի համայնքի տարածքին, շրջանի կեդրոնի «Արցախկազ» ընկերութեան տարածքային մասնաճիւղի եւ Մարտունի քաղաքի մերձակայքին:

«Ջուրը շուտով պիտի հասնի արցախեան հողատարածք: Աշխատանքներու աւարտէն ետք այս 4 հորերու շնորհիւ պիտի ոռոգուի մօտ 70 հեքթար հողատարածք: Այգիներու, ցորենի արտերու ու արհեստագիտակական մշակաբոյսերու ոռոգման համար ջուր պիտի ունենայ մօտ 40 ընտանիք: Այժմ շինարարները նոր հորը կը փորեն»,- աւելցուցած է Ա. Մարտիրոսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին