Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

«Ելք» Եւ «Ծառուկեան» Խմբակցութիւնները Չեն Մասնակցիր ՍԴ Անդամի Ընտրութեան Քուէարկութեան

Ազգային Ժողովի «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւնները չեն մասնակցիր սահմանադրական դատարանի անդամի ընտրութեան քուէարկութեան:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով՝ Ազգային Ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զօհրապեանը նախագիծներէն մէկուն քուէարկութեան ժամանակ վարման կարգի վերաբերեալ ելոյթ ունեցաւ եւ յայտարարեց, որ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը ՍԴ անդամի ընտրութեան քուէարկութեան պիտի չմասնակցի:

ՍԴ անդամի ընտրութեան քուէարկութեան չմասնակցելու մասին յայտարարեց նաեւ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զէյնալեանը:

Մայիս 4-ին՝ ժամը 10:30-ին, տեղի ունեցաւ սահմանադրական դատարանի անդամի ընտրութեան քուէարկութիւնը: ՀՀ նախագահը ՍԴ անդամի պաշտօնին առաջադրած է Էմիլ Պապայեանի թեկնածութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին