Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

ԵԱՀԿ ԽՎ Նախագահը Ողջունած Է Քաղաքական Ուժերու Միջեւ Աշխոյժ Երկխօսութիւնը

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովը կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ կ’ողջունէ քաղաքական ուժերու միջեւ աշխոյժ երկխօսութիւնը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Մայիս 4-ին ըսած է խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Գէորգ Ծերեթելին, կը տեղեկացնեն ԵԱՀԿ գրասենեակէն:

«Յոյսով եմ, որ ներկայիս փակուղին կը յաղթահարուի քաղաքական արագ համաձայնութեան միջոցով, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ կեդրոնանալ Հայաստանի առջեւ ծառացած բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն վրայ: Քաղաքական առաջնորդներուն կը յորդորեմ խորհրդարանական երկխօսութեան ներգրաւուածութիւնը շարունակել, ինչպէս նաեւ աշխատիլ քաղաքացիական հասարակութեան ու միջազգային հանրութեան հետ՝ փնտռելու գոհացուցիչ արդիւնք, որ պէտք է դիտարկուի երկրի քաղաքական մշակոյթի զարգացման աւելի լայն գործընթացի ծիրին մէջ»,- ըսած է Ծերեթելին:

ԵԱՀԿ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնապէս «Ելք» խմբակցութեան եւ անոր հետ համագործակցող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ երկրորդ անգամ առաջադրուած է  որպէս վարչապետի թեկնածու: Ան հանդիպումներ ունեցած է ԵՄ անդամ երկիրներու, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Վրաստանի դեսպաններուն հետ՝ քննարկելով այն բանակցութիւնները, զորս կը կայանան քաղաքական ճգնաժամէն ելք գտնելու ուղիին վրայ:

ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահը Մայիս 3-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի հետ՝ քննարկելով իրադրութիւնն ու առաջարկելով խորհրդարանական վեհաժողովի աջակցութիւնը երկխօսութեան գործընթացին մէջ: Ան խօսած է նաեւ ԵԱՀԿ ԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղտալեանի հետ:

«Հայաստանի մէջ խորհրդարանական գործընկերներու հետ ունեցած իմ խօսակցութիւններուս արդիւնքով աւելի համոզուած եմ, որ Երեւանի քաղաքական առաջատար գործիչները յանձն առած են ստեղծուած իրադրութեան կառուցողական լուծում գտնելու պարտականութիւնը: Ես նշած եմ, որ բոլոր կողմերը պէտք է անհրաժեշտ զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ շարունակեն արդիւնաւէտ երկխօսութեան ճամբան»,- յայտարարած է Ծերեթելին:

Ան կարեւորած է խաղաղ հաւաքներու իրականացումը՝ որպէս կարծիք արտայայտելու կարեւոր տարբերակ՝ ընդգծելով, սակայն, որ քաղաքական երկխօսութիւնը պէտք է տեղի ունենայ խորհրդարանական համակարգի սահմաններուն մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին