ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 4-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները եւ Քուէյթի ու Իրաքի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարները: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին, մասնաւորաբար տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սարգսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է դեսպաններուն՝ իրենց երկիրներուն մէջ հայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին համար, որ վերջինիս հնարաւորութիւն տուած է ոչ միայն պահպանելու ազգային ինքնութիւնը, այլ նաեւ զարգանալու եւ աշխուժօրէն մասնակցելու այդ երկիրներու քաղաքական, ընկերա-տնտեսական կեանքին:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ: Դեսպանները յոյս յայտնած են, որ ամէն ինչ կը կարգաւորուի սահմանադրութեան եւ օրինականութեան շրջագիծէն ներս՝ կարեւորելով Հանրապետութեան նախագահի ջանքերը այդ գործին մէջ: