Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Սրտի Մտերմիկ Խօսք Իմ Ընտրողներուն

*Տոքթ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*

Իմ շատ յարգելի՛ եւ սիրելի՛ ընտրողներ,

Այլեւս, գրեթէ օրեր չէ, այլ կրնանք ըսել, որ ժամեր մնացած են Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութեանց թուականին եւ դուք Կիրակի, 6 Մայիսին պիտի տաք ձեր քուէները՝ ընտրելու համար ձեր թեկնածուն, որուն հանդէպ վստահաբար ունիք հաւատք ու համոզում,  որ պիտի ներկայացնէ ձեզ Լիբանանի խորհրդարանէն ներս արժանաւորապէս, եթէ, անշո՛ւշտ, այդ թեկնածուն իրապէ՛ս տրամադրուած է ծառայելու ձեզի կամ լիբանանահայ համայնքին ու Լիբանանին:

Երկուշաբթի, 7 Մայիսը վստահաբար պիտի ըլլայ ճակատագրական թուական բոլորիս համար, թէ՛ ընտրողներուն եւ թէ՛ ընտրուողներուն, որովհետեւ այդ օրն է, որ պիտի ունենանք վերջնական արդիւնքներ, եւ բոլոր անոնք, որոնք ստացած կ’ըլլան համապատասխան քուէներ պիտի գրաւեն պետական երեսփոխանի աթոռը:

Որեւէ պաշտօն կամ աթոռ հասարակութեան մէջ միջոց մըն է, որ զայն զբաղեցնող անձը, ըստ հնարաւորութեան եւ իր ուժերուն ներած չափով, ցոյց տայ իր անմնացորդ ծառայութեան արժեչափը, զոր պիտի գնահատէ զինք ընտրող անձը, որ վստահած, համոզուած ու հաւատացած էր իրեն:

Արդարեւ, ընտրութեան օրէն ժամեր առաջ, այսու կու գամ ձեզի դիմելու վերջին անգամ ըլլալով, որպէսզի Կիրակի օր ներկայանաք քուէատուփ առանց վարանումի, առանց վերապահութեան, առանց կաշկանդումի, բոլորովին ազատ կամքով՝ քուէարկելու անոր, զոր ճանչցած էք, որուն նկարագրին ու բնաւորութեան գիծերուն ծանօթ էք եւ որ պահանջուած վայրկեանին ու ժամուն ծառայած է ձեզի առանց դոյզն դժգոհանքի:

Համեստս, անցեալին եւ մինչեւ այսօր, միշտ ալ ծառայած ըլլալով ազգային  հասարակական ու ընկերային կառոյցներէ ներս, այսու անվերապահօրէն կու գամ յայտնելու իմ պատրաստակամութիւնս՝ յայտարարելով, որ ես այսօր կամ վաղը, միեւնոյնն է, պիտի մնամ նոյն ծառայասէր մարդը՝ շարունակելու համար իմ մարդասիրական պարտականութիւնս հանդէպ բոլոր կարիքաւորներուն, առանց խտրականութեան, ինչ գաղափարի ու համայնքի ալ պատկանած ըլլայ ան:

Ուստի, սիրելի՛ քուէարկողներ, որոշումի ժամը ձերն է, եւ դուք գիտէք արժեւորել ձեր ձայնը:    

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին