Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հաշուեյարդար

Սիրելի ընթերցող բարեկամ, սիրելի քուէարկող,

Վերնագիրս հաւանաբար քեզի անմիջապէս վերյիշեցուց հայ բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը.

Հաշուեյարդար. ի՞նչ մընաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մընաց.

Ինչ որ տըւի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.

Եթէ փորձեմ հարց տալ ինծի թէ ի՞նչ մնաց ինծի այս ընտրապայքարէն՝ գէթ առայժմ, քուէարկութեան նախօրեակին, կրնամ ըսել որ շատ բան մնաց ինծի:

Ջանացի, Զարթօնքի այս էջէն իմ մտածումներս կիսել քեզի հետ: Յաճախ միասին խորհրդակցեցանք, միտքեր փոխանակեցինք:

Ջանացի որ դուն ծանօթանաս քաղաքական մշակոյթի իմ համոզումներուս, թերեւս եղան պահեր որ դուն ու ես հակադիր կարծիքներու վրայ գտնուեցանք, չհամաձայնեցանք իրարու հետ, կամ մասամբ համամիտ գտնուեցանք:

Իմ նպատակս նախ եւ առաջ քեզ մղելն էր, որ դուն կարծիք, տեսակէտ, հայեցակէտ ունենաս, քու անհատական ինքնուրոյնութիւնդ զօրացնես, ոչ թէ ուրիշը մտածէ քու փոխարէն, այլ դու՛ն ալ մտածես քու մասիդ: Անկեղծօրէն ըսեմ՝ որ այս գրութիւններս զիս մղեցին, որ ես ա ւելի մտածեմ, աւ ելի՛ քննեմ, աւելի՛ խորհիմ ու քննականօրէն նայիմ եւ դիտեմ շուրջս, միջավայրս ու… նոր, ինծի անծանօթ, կամ քիչ բաներ տեսնեմ:

Շատ կարեւոր էր որ մենք կրցանք քննականօրէն մտածել, անդրադարձանք որ մենք դուրս պէտք է ելլենք մեր ծուլացնող բաւարարուածութենէն, գոցուած տուփիկներէն, ամրակուռ պատեաններ, գիտակցեցանք որ տեղքայլը նահանջ է ու ճահճացում:

Նոյնքան կարեւոր էր այն որ մենք տիալոկ կատարեցինք եւ ոչ թէ մոնոլոկ: Մենք երկխօսութիւն կատարեցինք եւ ոչ թէ դուք կամ ես մենախօսութիւն ըրինք: Մենք զիրար լսելու, իրար կարծիք յարգելու առիթները ունեցանք:

Թերեւս այս գրութիւններս յաջողեցան մեզ մեր նեղ անձնականութենէն դուրս բերել եւ աւելի մտածել տալ մեր միջավայրին մասին, ուրիշին մասին, խնդիրները դիտել տարբեր տեսնկիւններէ եւ ելակէտերէ:

Կ’ուզեմ հաւատալ որ այս գրութիւններս հերթական խթանը կը հանդիսանան մեզ աւելի հասու, հասուն եւ գիտակից դաձնելու:

Իմ ընտրական գրասենեակս կը գտնուի Թէքէեան Կեդրոնի երկրորդ յարկը: Ինծի կրնաք հեռաձայնել 03712058, կամ 01 444225 թիւով, յառաջիկայ օրերուն, առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:

Ալինա Կիւլվանէսեան-Տագէսեան

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին