Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

ԱԺ-ն Պաշտօնապէս Հաստատեց Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՀ Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրումը

Ազգային ժողովին մէջ Մայիս 3-ին՝ ժամը 16:00-ի դրութեամբ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած է Նիկոլ Փաշինեանը: Թեկնածութիւնը առաջադրուած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի աւելի քան մէկ երրորդին կողմէ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութենէն:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 1-ի յատուկ նիստին ՀՀ Ազգային ժողովը վարչապետ չընտրեց, իսկ «ԱԺ կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքին համաձայն՝ վարչապետ չընտրուելու բերումով քուէարկութենէն եօթը օր ետք տեղի պիտի ունենայ վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին