Երէկ երեկոյեան հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդին՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց բռնարարքներէ հեռու մնացած եւ Հայաստանէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու ձգտող ժողովրդային շարժումը, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Տիար Փաշինեանին, որ կը փորձէ սահմանադրական ճամբով ու համախոհական ոգիով երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերել։
Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ճգնաժամային ներկայ կացութեան շարունակումը ահաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանին՝ ցնցելով անոր պետականութեան հիմքերը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կարելի փութով լուծման ճամբաներ որոնել՝ փոխադարձ հասկացողութեան ու հանդուրժողականութեան ոգիով՝ միշտ մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ու մեր ազգին գերագոյն շահերէն։ Ապա Նորին Սրբութիւնը Հայաստանը ներկայ կացութենէն դուրս բերելու ձգտող եւ քաղաքական լուծման առաջնորդող իր պատկերացումը փոխանցեց Տիար Փաշինեանին։ Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի շարունակէ իր աշխատանքը։
Յայտնենք, որ երէկ Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնին խօսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արցախի Հանրապտութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանի հետ։