Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Թեկնածութեանս Վերաբերող Ամփոփիչ Խօսքեր

Սիրելի ընթերցող բարեկամ, սիրելի քուէարկող,

Անցնող շաբաթներուն սիրելի «Զարթօնք»-ի այս էջէն, իբրեւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի աւանդապահ կին, ջանացի իմ մտածումներուս մէկ մասը բաժնեկցիլ քեզի հետ:

Այս ընտրարշաւս ինծի համար եղաւ կարեւոր փորձառութիւն, շատ նոր բան սորվեցայ, մարդիկ, կացութիւններ, խնդիրներ ու զանոնք վարելու նոր ունակութիւններ ձեռք բերի, որոնք ընտրուելու պարագայիս կամ այլապէս՝ պիտի օգտագործեմ կեանքիս մէջ:

Կը փափաքիմ մի քանի ընդհանրական գաղափարներ յայտնել այստեղ.-

  • Իբրեւ ընտրական օրակարգ՝ ինծի համար կարեւոր կը մնան Լիբանանի քաղաքացիին բարօրութիւնը, անոր իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութիւնը: Նոյնքան կարեւոր կը նկատեմ լիբանանցի ընտանիքին բարելաւումը, աջակցութիւնը, որ ան վերելք ապրի ու բարելաւէ իր կենսամակարդակը: Այս երկու առաջնահերթութիւններուն համար գործադրութեան պիտի դնեմ համապատասխան քայլեր:
  • Պիտի ձգտիմ ընկերային աւելի արդար հասարակարգի մը յառաջացման համար հասարակաց, ընդհանրական ընկերային ճակատ մը յարդարել, որպէսզի հասնինք աւելի արդար եւ բարւոք ընկերութեան:
  • Ինծի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի հաշուետուութիւնը: Ատոր համար ալ ընտրուելու պարագային կամ այլապէս հրապարակային հաշուետուութիւն պիտի կատարեմ՝ անձամբ կամ հաւաքաբար իմ ունեցած գործունէութեանս մասին: Նոյն ծիրին մէջ, խորհրդարանին մէջ պիտի չքուէարկեմ ի նպաստ բոլոր այն որոշումներուն, որոնք չեն պայմանադրեր թափանցիկ հաշուետուութիւն, կամ չեն համապատասխաներ արդար, ոչ կասկածելի նուազուրդի չափանիշներուն:
  • Պիտի աջակցիմ կնոջ իրաւունքներուն բարելաւման, որովհետեւ նաեւ կը հաւատամ, որ սեռային հաւասարութիւնը, փոխադարձ յարգանքն ու սեռերու փոխամբողջացումը կը յառաջացնեն աւելի առողջ հասարակարգ մը եւ կը նուազեցնեն ընկերային հիւանդութիւնները:
  • Պիտի ջանամ Լիբանանի հայօճախին դիմագրաւած կրթական, ընկերային, ինքնութենական, սերունդներու անտարբերութեան թէ այլ խնդիրներուն շուրջ լուսաբանական քննարկումներ կազմակերպել՝ պաշտօնակիցներուս կամ այլ լծակիցներու հետ, որպէսզի կարելի դառնայ մեր հայօճախին կենսունակութեան բարելաւումը:
  • Պիտի ջանամ հաւաքական ճիգերով լուսարձակի տակ բերել Լիբանանի բարեմասնութիւնները, մշակութային, քաղաքակրթական, համայնքային բազմազանութիւնը եւ ապացուցել, որ անոնք մեր հաւաքական հարստութիւնն են, որոնք կը ճոխացնեն մեր առօրեան եւ կը նպաստեն մեր խաղաղ գոյակցութեան:

Իմ ընտրական գրասենեակս կը գտնուի Թէքէեան Կեդրոնի երկրորդ յարկը: Ինծի կրնաք հեռաձայնել 03712058, կամ 01 444225 թիւով, յառաջիկայ օրերուն, առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:

Ալինա Կիւլվանէսեան-Տագէսեան
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին