Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Դէպի Քուէատուփ՝ Առանց Երկմտութեան

*Տոքթ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*

Սիրելի՛ լիբանանահայեր,

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Թանկագին քոյր ու եղբայրներ.

Օրերս, ամբողջ Լիբանանը եւ լիբանանցիները կը գտնուին ընդհանուր եռուզեռի մէջ երկրէն ներս տիրող քաղաքական ու հասարակական ոլորտի սահմաններուն մէջ  կիրարկուելիք ընտրութեանց պատճառով, տեղ մը բոլորն ալ դարձած անհամբեր, մերթ ընդ մերթ ջղային եւ, անշո՛ւշտ, ակնդէտ սպասելով Մայիս 6-ը, որ պիտի գայ ճշդորոշելու Լիբանանեան Խորհրդարանի ստանալիք վերջնական պատկերը՝ վերջակէտ դնելով տիրող իրավիճակին:

Անշո՛ւշտ, այս ընթացքին, ինչպէս կը նշմարէք, հրապարակուող  լոզունգները շատ են, բարձրացող կոչերը շատ են, հնչող խոստումները շատ են եւ, բնականաբար, մրցակցութիւնն ալ շատ, որուն պատճառով ալ երբեմն ականջալուր կ’ըլլանք անիմաստ, անտեղի եւ վիրաւորական ասեկոսէներու, որոնք չեն ճանչնար ո՛չ յարգանք եւ ո՛չ ալ թեկնածուներէն սպասուած պատշաճութիւնը եւ համապատասխան լրջութիւնը՝ զարմացնելով քուէարկելիք հասարակութիւնը:

Ինչպէս կը տեսնէք, Լիբանանի բոլոր քաղաքներուն մէջ տարածուած են թեկնածուներու մեծադիր նկարներ, պաստառներ, յայտարարութիւններ ու ցուցակներ՝ համոզելու համար ընտրողը, որ ան դիրքորոշուի՝ առ որ անկ է..: Համեստօրէն գնահատելով այդ բոլորը՝ կրնամ անվարանօրէն ըսել, որ գիտակից քաղաքացին կ’առաջնորդուի հարկաւ առանց մեծ-մեծ ցուցադրութեանց եւ գիտէ լաւագոյնս գնահատել արժանին ու գործնականը:

Առանց թափանցելու մանրամասնութեանց մէջ՝ պիտի ըսեմ, որ իրապէս շատ քիչ օրեր մնացին եւ Լիբանանի քաղաքացիներ կարճ ժամանակ ետք իրե՛նք է որ պիտի որոշեն իրենց յարմար տեսած ու դատած թեկնածուները, որպէսզի անոնք դառնան պետական երեսփոխաններ եւ պաշտպանեն քաղաքացիներու արդար իրաւունքները յառաջիկայ տարիներուն: Ահա՛ հոս է հաւատալու, համոզուելու եւ դիրքորոշուելու ճիշդ պահը՝ գնահատել կարենալու համար «յարմար անձը՝ յարմար պաշտօնի վրայ»՝ հիմնուելով ենթակային ունեցած անունին, վարկին եւ բերելիք օգուտին:

Խորքին մէջ, արդար պէտք է ըլլալ ու ըսել քաջաբար, որ  երեսփոխանական պաշտօնը ինքնին ներկայացուցչութիւն է, պարտականութիւն, աւելի ճիշդ՝ ծառայութիւն նախ Լիբանանեան հայրենիքին ու աշխատելու հանրօգուտ կառոյցէ ներս եւ ապա ծառայելու Լիբանանի քաղաքացիներուն, որոնք, հաւատալով ու վստահելով երեսփոխանական թեկնածուներու անկեղծութեան, ուղղամտութեան, հաւատարմութեան ու ծառայասիրական ոգիին, նաեւ աշխատանքային ոճին ու փորձառութեան՝ հասարակական կառոյցներէ ներս, պիտի տան իրենց քուէները՝ Խորհրդարանը օժտելու համար արժանաւորներով:

Ես վստահ եմ աւելիով, որ մերազն ժողովուրդի զաւակները, մեր քոյրերն ու եղբայրները թեկնածուներու ընտրութիւն կատարելու հարցին մէջ երբեք ու երբեք պիտի չվարանին եւ իրենց քուէն տան այն յարմար թեկնածուին, որ ազգային ու հասարարական բնագաւառէ ներս տարիներ շարունակ տարած է ու տակաւին ալ կը տանի նուիրական աշխատանք առանց խոնջէնքի, առանց ակնկալութեան, առանց խտրականութեան՝ միշտ գերադաս նկատելով ազգային վեհ շահը եւ նպատակը: 

Համեստս, այս վայրկեանին դիմելով ձեզի, համոզուած եմ, որ գիտակից ու պարտաճանաչ հայ քաղաքացին պիտի չվարանի այս անգամ քուէատուփ ուղղուելու եւ ձայնը տալու իր հաւատացած թեկնածուին, որ իր աշխատանքով, բարոյական կեցուածքով ու ծառայասիրութեամբ գնահատուած է բոլորէն… եւ արժանի՝ դառնալու իր քուէին ատակ հայ մարդը, որ կրնայ բարձրաճակատ ներկայանալ հանրութեան:

Մայիսի 6-ը օ՛ր է արդարութեան բացայայտման, օ՛ր է տրամաբանական դիրքորոշումի, օ՛ր է ճիշդ ու ժամանակին դիրքորոշուելու՝ գնահատելու համար արժանաւորը:

Սիրելի հայրենակից, քու ձայնդ վճռորոշ է ու կարեւոր, գործածէ՛ զայն՝ առանց ընկրկելու: Արժանաւոր երեսփոխանը Խորհրդարանէն ներս նաեւ մեր արժանապատուութիւնն է… մեր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը, որ գիտէ շահը հայութեան ու հայ զանգուածներուն:

Համեստս, համոզուած իմ գործելաոճիս, իմ տարած աշխատանքիս եւ ունեցած վաստակիս, պատրաստ եմ կատարելու լիբանանահայութեան պահանջները՝ բարձր պահելու համար քուէարկողիս անունը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին