*ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ընտրական Յանձնախումբի Քարոզչական Մարմինին՝ Կիրակի, 29 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի «Պէյրութ Առաջին» ցանկի թեկնածուներու ծանօթացման ժողովրդային հանդիպում մը՝ ներկայութեամբ «Պէյրութ Առաջին»-ի թեկնածուներ՝ Գարոլ Պապիկեանի, նախարար Միշէլ Ֆարաոնի, Ռիատ Աաքէլի, Նատիմ Ժըմայէլի, Իմատ Ուաքիմի, Ալինա Կիւլվանէսեան Տագէսեանի եւ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի: Ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ, Ռակ-ի նախկին պետական երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու0 Մարմինի անդամներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, ՌԱԿ-ի շարքայիններու եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը
Ժողովրդային հաւաքը սկսաւ Լիբանանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգերու ունկնդրութեամբ: Քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք ընկ. Լեւոն Բարսեղեան ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ընտրական Յանձնախումբի Քարոզչական Մարմինին անունով ողջունեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց «Պէյրութ Առաջին»-ի թեկնածուներուն:
Ընկ. Լեւոն Բարսեղեան ներկայացնելէ ետք թեկնածուներուն ամփոփ կենսագրութիւններն ու անոնց քաղաքական, կուսակցական պատկանելիութիւնները, յաջորդաբար հրաւիրեց զիրենք, որպէսզի իրենց խօսքը փոխանցեն ժողովրդային բազմութեան: «Պէյրութ Առաջին» ընտրացանկի թեկնածուները իրենց խօսքերուն մէջ անդրադարձան ընտրական ծրագիրին եւ Պէյրութի առջեւ ցցուած ու ծանրացած մարտահրաւէրները շրջանցելու անհրաժեշտութեան եւ ժողովուրդին կոչ ուղղեցին անպայման մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ բարձրացնելու քուէարկութեան թիւ-գումարը՝ ապահովելու համար Պէյրութի բնակիչներուն արժանաւոր ներկայութիւնը Խորհրդարանին մէջ: Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ «Պէյրութ Առաջին» ցանկի արաբ թեկնածուները բոլորն ալ գնահատանքով խօսեցան ՌԱԿ-ի եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութեան անսակարկ նուիրումին մասին լիբանանեան հայրենիքին բարգաւաճումին համար: Ընտրական հաւաքի ընթացքին խօսք առին, անշո՛ւշտ, նաեւ ՌԱԿ-ի թեկնածուներ Ալինա Կիւլվանէսեան-Տագէսեան եւ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեան (խօսքը կու տանք առանձին):
Անոնք արտայայտեցին իրենց սէրը լիբանանեան հայրենիքին եւ մայրաքաղաք Պէյրութի հանդէպ: Ժողովրդային հանդիպումին վերջին խօսք առնողն էր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեան: Ան ըսաւ. ««Պէյրութ Առաջին»-ի ընկեր-ընկերուհիներս ու ես պիտի աշխատինք իրականացնել Մայրիներու Երկրին՝ գեղածիծաղ Պէյրութի ժողովուրդին երազները: Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնն ու ՌԱԿ-ը կը խոստանան աշխատիլ ու պահպանել այս դաշինքը անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն համար»:
Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի Խօսքը
Ողջոյն ձեզ Պէյրութի, Մըտաուարի, Սայֆիի, Էշրեֆիէի եւ Ռըմէյլի ազնիւ քաղաքացիներ,
Այսօր կը հանդիպինք անկեղծօրէն զրուցելու համար: Անկեղծութիւնը անկախ եւ պատասխանատու մարդուն առաքինութիւնն է:
Անկեղծութիւնը, թափանցիկութիւնը եւ հաշուետուութիւնը Ռամկավարութեան ամենակարեւոր հիմերէն են: Մեր երկիրը անոնց պէտք ունի: Եւ դո՛ւք, Պէյրութի հպարտ, ուսեալ եւ առատաձեռն քաղաքացիներ, կրնաք փոխել ձեր վիճակը քուէարկելով: Մի՛ յուսահատիք, այլ ձեր յոյսը դրէք ձեր ձայներուն վրայ: Տուէք ձեր քուէն անկեղծին, թափանցիկին եւ փոփոխութիւն կատարելու կարողութիւն ունեցողին: Մի՛ կորսնցնէք ձեր հաշուետուութիւն պահանջելու իրաւունքը եւ ձեր ձայնը մի՛ ծախէք, որովհետեւ այդ ձեւով կը կորսնցնէք ձեր հաշուետուութիւն պահանջելու իրաւունքը: Այն երեսփոխանը, որ կ’ընտրուի կաշառքով, հաշուետու չի կրնար ըլլալ զինք ընտրողին:
Կը հանդիպինք խոստանալու համար առողջապահութիւնը հասցնել ընկերային բոլոր խաւերուն՝ ընդլայնելով Ընկերային Ապահովութեան գործունէութիւնը: Պիտի պաշտպանենք ձեր իրաւունքը բնակելու ձեր քաղաքին մէջ: Անգործութեան դէմ պիտի պայքարինք՝ զարկ տալով ճարտարարուեստին, հողագործութեան, զբօսաշրջութեան, ծառայութեան եւ վաճառականութեան հատուածներուն: Պիտի քաջալերենք փոքր գործերը եւ կարող երիտասարդները: Ենթակառուցուածքի ծառայութիւններ՝ ջուր, ելեկտրականութիւն եւ հաղորդակցութիւն նաեւ պիտի արժանանան մեր ուշադրութեան:
Ամենամեծ գործը, զոր կրնանք կատարել, լիբանանցի քաղաքացիին յոյս տալն է, որ կրնայ ապրիլ իր երկրին մէջ խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ:
Աստուած ձեզի յաջողութիւն պարգեւէ ձեր Մայրիներու հայրենիքի օգտին կատարելիք ընտրութեան մէջ:
Կեցցէ՛ք դուք,
Կեցցէ՛ Լիբանանը: