Սպանիոյ Ալքորքոն քաղաքը Ապրիլ 25-ին պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն` աւելցնելով. «Շուրջ 170 հազար բնակիչ ունեցող քաղաքը, այս որոշումով, միացաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ ճանչցած մօտ 30 սպանական քաղաքներուն:
Յատկանշական է, որ նախաձեռնութիւնը Ալքորքոնի քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուցած են Սպանիոյ իշխող Ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որոնց միացան նաեւ միւս քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:
Ընդունուած որոշումին մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր: Այս օրինական յայտարարութեամբ Ալքոքոնի քաղաքապետարանը կը ճանչնայ մարդկութեան դէմ գործուած այս յանցագործութիւնը, որուն զոհ գնաց մէկ ու կէս միլիոն հայ եւ որուն արդիւնքով երկու միլիոն մարդ լքեց իր բնօրրանը»: Քաղաքային խորհուրդը նաեւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ողջ հայ ժողովուրդին եւ կոչ կ’ընէ Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն օր առաջ ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Հարկ է նշել, որ քաղաքապետարանի նիստին ներկայ էին նաեւ հայ համայնքի եւ Մատրիտի «Հայ տուն» մշակութային միութեան ներկայացուցիչներ, որոնց ներկայացուցած խնդրագիրին հիման վրայ ալ ընթացք տրուած էր այս գործընթացին: