Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առիթով Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքի հայկական համայնքը բողոքի ցոյց իրականացուցած է Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ` արդարութիւն պահանջելով եւ բարձրաձայնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնած է Վարդինէ Գալաճեան, հիւպատոսարանին առջեւ երիտասարդները խանդավառուած պարած են հայկական եւ ազգագրական պարեր` փաստելով, որ Սփիւռքի մէջ ապրող Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու ժառանգներու 4-րդ, 5-րդ սերունդը չէ մոռցած 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու այսօր իր իրաւունքներու պահանջատէրն է եւ հայկական ինքնութեան կրողը:
Բողոքի երթի աւարտին մասնակիցները 300 փշոտ վարդեր ձգած են հիւպատոսարանին առջեւ: