Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Նախասիրութեան Քուէն Արդարօրէն Գործածելու Ճիշդ Ժամանակը

 *ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*

Սիրելի՛ լիբանանահայեր, յարգելի՛ ընտրողներ.

Համրուած շատ քիչ օրեր մեզ կը բաժնեն այն թուականէն, երբ լիբանանցիներ, օգտագործելով իրենց ընտրելու իրաւունքը, քուէաթուղթերով պիտի ընտրեն յարմարագոյն  թեկնածուները, որոնք, գալով Խորհրդարան, դառնալով երեսփոխան, պիտի ներկայացնեն ընտրողները եւ զբաղին երկրի եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրներով՝ աշխատելու եւ լուծելու համար գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրները:

Լիբանանեան հայրենիքէն ներս շատ յստակ է ու պարզ, թէ երկիրը ունի վիճելի բազում հարցեր, սրբագրութեան կարօտ խնդիրներ եւ նամանաւանդ առկայ հիմնական թերութիւններ, որոնք կը շարունակուին տարիներէ ի վեր եւ որոնք մինչեւ օրս չեն լուծուած՝ պատճառելով մեծ տաղտուկ ու մտահոգութիւն եւ նիւթական անսահման վատնում:

Արդարեւ, լիբանանցիին համար ծանօթ է ելեկտրականութեան, ջուրի, անգործութեան, գաղթականաց, ճանապարհներու, առողջապահութեան, ծերութեան ու կրթական մարզի ոլորտներէն ներս գոյութիւն ունեցող խնդիրները, որոնք ոչ միայն կը սպասեն արդար լուծում,  այլեւ  հարկաւոր է ճիշդ եւ արագ որոշում՝ գոհացնելու համար լիբանանցի քաղաքացիներու պահանջները:

Երբ կ’ակնարկենք լիբանանցիներու պահանջներուն, բնականաբար ակնարկած կ’ըլլանք նաեւ մեր համայնքին, որ իբրեւ անբաժան մասնիկը այս երկրին, ահա աւելի քան տասը տասնամեակներէ ի վեր կը գոյատեւէ՝ կառուցելով ու արարելով՝ շնորհիւ իր ազգային, եկեղեցական, կուսակցական ու միութենական առողջ կառոյցներուն՝ լիբանանահայութեան տուած ըլլալով պատուաւոր տեղ միջհամայնքային խճանկարէն ներս:

Այս առթիւ, բնականաբար, պիտի գնահատանքի ջերմ խօսք ուղղենք մեր ազգային ու եկեղեցական, կուսակցական ու միութենական բոլոր հաստատութիւններու պատասխանատուներուն, որոնք պահեցին լիբանանահայ համայնքը, հոգացին զայն, առաջնորդեցին ու հասցուցին այսօրուան փայլուն վիճակին, որ կ’առթէ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն մեր բոլորին:

Այս բոլորը, սիրելի՛ հայեր, հաւատացէ՛ք, որ իրագործուեցան շնորհիւ բոլոր այն ազնիւ, գիտակից ու նուիրեալ առաջնորդներուն, ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք ամենայն անկեղծութեամբ, սիրով ու հաւատքով կառավարեցին մեր գաղութը՝ ջամբելով առողջ դաստիարակութիւն հայ նոր սերունդներուն, որպէսզի անոնք դառնային հաւատարիմ քաղաքացիներ լիբանանեան հայրենիքին՝ պահելով լեզու, մշակոյթ ու ազգային աւանդութիւններ:

Այսօր ահա՛ հասած է պահը, որպէսզի լիբանանահայ զանգուածներ, գիտակցելով իրենց ազգային ժառանգական պատկանելիութիւնը, գիտնան ճի՛շդ գնահատել իրենց յարմար թեկնածուն, որ իբրեւ հայ անհատ ու լիբանանցի մինչեւ օրս ծառայած է մեր գաղութի կառոյցներուն, մեր հաստատութիւններուն ու մեր համայնքին, անխտրականօրէն ու այսօր ալ վերստին պատրաստ է ծառայելու՝ ճիշդ ուղիի վրայ պահելու համար ազգային արժէքները՝ առանց շեղելու ազգային աւանդական նկարագիրէն:

Կը հաւատանք ու համոզուած ենք, որ մեր սիրելի ժողովուրդը գիտէ՛ դիրքորոշուիլ, գիտէ՛ արժեւորել եւ նամանաւանդ գիտէ՛ զանազանել ՍԵՒՆ ՈՒ ՃԵՐՄԱԿԸ՝ շարժելով խիղճով ու տրամաբանութեամբ, մերժելով ամէն տեսակի սին խոստում ու կողմնակի առաջադրանք… որ խորքին մէջ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր զանգուածները շեղել իրենց ուղիղ, սեպուհ ճանապարհէն:

Մայիսի 6-ը մեզի համար կարեւոր թուական է եւ օր՝ դիրքորոշուելու: Քու ձայնդ վճռական է, սիրելի՛ քուէարկող: Լսէ՛ խղճիդ ձայնը եւ շարժի՛ր քու ազատ կամքովդ գնահատելու համար արժանաւորը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին