Ղազախստանի Քոստանա քաղաքի «Էրեբունի» հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Տիգրան Պատալեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր գեղեցիկ ձեռնարկ մը` նուիրուած Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին` Ապրիլ 7-ին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին յայտնած է Հայաստան Մնէեան, արդէն 2-րդ տարին է, որ Պատալեանի ջանքերով տօնին կը մասնակցին արուեստագէտներ մայր հայրենիքէն: Այս տարի տօնն իրենց մասնակցութեամբ զարդարեցին հայաստանեան սիրուած երգիչներ՝ Միհրան Ծառուկեան, Յակոբ Յակոբեան եւ Արմէն Յովհաննիսեան, իսկ պարուսոյց Թերեզա Մելիքեանի ջանքերով մեր երեխաները ներկայացուցին հայկական ժողովրդական « Քոչարի», «Շալախօ» եւ այլ պարեր: Հնչեցին երգեր` նուիրուած մայրերուն, քոյրերուն եւ, ի հարկէ, Հայաստանին:
Համերգը մարդաշատ էր. ներկայ էին ոչ միայն կանայք, այլեւ տղամարդիկ, ծերեր եւ երիտասարդ ընտանիքներ, կարծես ողջ համայնքը հաւաքուած էր: Կային նաեւ հիւրեր:
Ամէնուր կը թեւածէր տօնական մթնոլորտը, մարդիկ կը շնորհաւորէին կանանց ու մայրերուն՝ մեկնաբանելով տօնի խորհուրդը, բարեմաղթանքներ ընելով մեր երկրին, ցանկալով անամպ երկինք եւ խաղաղ ստեղծագործ աշխատանք: Ձեռնարկին անբաժան ուղեկիցը հայկական երգն ու պարն էր: Այսպէս, հայրենիքէն հեռու հայերը «Շախով ու շուխով» տօնեցին ազգային եւս մէկ տօն, որ հրաշալի վարեց հաղորդավար Հրաչեայ Մարտիրոսեանը: