Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Մեր Զինծառայողները Կը Գիտակցին Իրենց Առաքելութեան Եւ Պատուով Կը Կատարեն Մարտական Խնդիրը. Տիգրան Աբրահամեան

Սահմանագիծին վրայ հակառակորդի տեղաշարժերուն, աշխուժացման, Հայաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակի՝ պաշտպանութեան բանակի վրայ ունեցած հնարաւոր ազդեցութեան հարցերուն մասին «Panorama.am»-ը խօսած է Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեանի հետ:

Սահմանի վրայ հակառակորդին կողմէ կուտակումները կը շարունակուի՞ն:

-Հակառակորդին՝ տարբեր ուղղութիւններով շարժերն ու կուտակումները կը շարունակուին: ՊԲ-ը կը հետեւի անոնց եւ ըստ անհրաժեշտութեան գործուն քայլերու կը ձեռնարկէ:

Կուտակումներուն զուգահեռ ազրպէյճանական կողմէ աշխուժացում՝ յարձակման փորձերու, հետախուզական խումբերու ներթափանցման կամ այլ տեսքով եղա՞ծ է:

-Վերջին տարիներուն առաջնագիծին վրայ իրականացած գիտարուեստական վերազինման արդիւնքով հակառակորդին կողմէ յարձակման գործողութիւններ իրականացնելու վտանքները կտրուկ նուազած են: Հակառակորդը առաջնագիծին վրայ աշխուժութիւն կը մտցնէ դիպուկահար խումբերու, ծանր գնդացիրներու, ինչպէս նաեւ առաջնագիծին վրայ կտրուկ տեղաշարժերու միջոցով:

Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը որեւէ ազդեցութիւն կը ձգէ՞ ՊԲ մարտունակութեան վրայ:

-Պաշտպանութեան բանակը իր ամէնօրեայ ծառայութեամբ անընդհատ կը ձգտի բարձրացնել իր մարտունակութիւնը: Տրամաբանօրէն հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումները չեն կրնար ազդեցութիւն չունենալ առաջնագիծին վրայ տիրող իրավիճակին, մասնաւորապէս հակառակորդի վարքագիծին վրայ: Սակայն պէտք է ընդգծեմ, որ պաշտպանութեան բանակն ու անոր զինծառայողները գիտակից իրենց առաքելութեան եւ պատուով կը կատարեն իրենց վրայ դրուած մարտական խնդիրը: Մեր զինուորը իր տեղն է, լաւագոյնս կը տիրապետէ Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ պատրաստ է որեւէ իրավիճակի մէջ զսպելու, հակազդելու Ազրպէյճանի քայլերը, զորս վտանգ կը ներկայացնէ մեր անվտանգութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին