Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Լեհաստանի, Չեխիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Զուիցերիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները եւ Ռումինիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:
Ողջունելով հիւրերը՝ Հանրապետութեան նախագահը մեծապէս կարեւորած է Եւրոպական երկիրներու եւ ԵՄ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը եւ խորացումը: Նախագահը խօսած է նաեւ տարուան ընթացքին կայանալիք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած յոբելեանական միջոցառումներու, ինչպէս նաեւ Ֆրանքոֆոնիոյ գագաթաժողովի պատշաճ կայացման մասին:
Միտքեր փոխանակուած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ: Եւրոպական երկիրներու դեսպանները յոյս յայտնած են, որ ամէն ինչ պէտք է կարգաւորուի սահմանադրութեան ծիրէն ներս եւ կարեւորած է Հանրապետութեան նախագահի դերը այդ գործին մէջ: